Էջեր հալէպահայի մը օրագրէն – ԻԱ. Բաժին


 

Բոլոր միութիւններէն եւ յանձնախումբերէն ետք մենք ալ գացինք մեր Առաջնորդ Սրբազանին այցելութեան:

Իր այնքա՜ն մտահոգութիւններուն մէջ, երբ վստահ եմ որ օրուան քսանեւչորս ժամերը բաւարար չեն, ինք առիթ եւ ժամանակ կը ստեղծէ նաեւ գրականութեամբ զբաղելու, մղելու գրողները, որ լոյսին բերեն իրենց թուղթերը, յոյս տալով, որ այո, կրնանք հրատարակել, հանրութեան հրամցնել, նոյնիսկ շնորհահանդէս կազմակերպել:

Եւ բոլորս, տասնչորս գրողներս կը բաժնուինք մեր քաջ Առաջնորդէն եւ իրարմէ քիչ մը աւելի յուսադրուած, քիչ մը աւելի պայծառատես դարձած՝ կարեւորը հոգիին առողջ եւ արթուն մնալն է, հակառակ ամէն օր մահուան հետ մեր գոյապայքարին:

Խորհրդանշական դարձաւ նոյնիսկ ցնցումը, որ շարժեց գետինը մեր ոտքերուն տակ.

– Երկրաշաժ կ՚ըլլայ,- ըսաւ մէկը:

– Ո՛չ, տեղ մը բան մը ինկաւ, պարզապէս մօտ էր ինկած տեղը,-բացատրեց ուրիշ մը:

Եւ շարունակեցինք մեր զրոյցը:

«Բան» մը կը նշանակէ կա՛մ հրասանդ, կա՛մ հրթիռ: Շատեր կրնան ձայնէն զատորոշել այս երկուքը: Ես չկրցողներու խմբակին կը պատկանիմ:

Եւ անշուշտ անխուսափելի խմբանկարը, բաժնուելէ առաջ: Այս ալ արխիւացումի նորօրեայ միջոցներէն մէկը:

Լեւոնը հանդիպումէն անմիջապէս ետք, դիմագիրքին վրայ տեղեկատուութիւն մը իջեցուցեր էր, խմբանկարին հետ մէկտեղ: Կ՚երեւի ինք հոսանք ունէր այդ պահուն: Բախտաւո՜րը …

***

– Օր մըն ալ ձեր օրագրութիւնները սկսեցէ՛ք գրելով՝ « յուսանք որ ասիկա մեր վերջին օրագրութիւնը ըլլայ»…Այսպէս թելադրեց Սրբազանը:

Բայց կ՚երեւի այնքան կը վախնանք յուսալէն որ … ոչ, մեր վախը յուսալէն չէ, այլ յուսախաբ ըլլալէն: Կը յուսանք մեր էութեան ամենէն հեռու եւ մութ անկիւններուն մէջ, հոն ուր կ՚աղօթենք նաեւ, պէ՛տք է աղօթենք, աչքերէ եւ ականջներէ հեռու, հոն կը յուսանք եւ չենք բարձրաձայներ ատիկա:

***

Քեսապի պարպումը յարդի վերջին շիւղն էր, որ պարպեց տոկունութեան մեր բաժակը, քակեց բոլորին ջիղերը եւ նետեց մեզ շատ անորոշ ապագայի մը երախը: Ա՛լ ոչինչ պիտի գտնէ իր նախկին վիճակը, մանաւանդ որ «դուրսերէն» մեր վրայ եղած դաւերը բաւարար չըլլային կարծես, դուրսի մեր բարեկամներն ալ աւելի յանդուգն դարձուցած իրենց այպանումները, կը մեղադրեն, կը կշտամբեն եւ դեռ չեմ գիտեր ի՛նչ կ՚ընեն:

***

Կատղեր են, ինկած հրասանդերուն թիւը գլեց անցաւ մարդկայինին սահմանները:

Հարիւր յիսուն հազար մեռեալ կայ, կ՚ըսեն, Սուրիոյ այս հարցերուն սկիզբէն ի վեր:

Բայց Արեւմուտքը ե՞րբ պիտի ՈՒԶԷ հասկնալ, որ այս մահերը կը պատահին հրասանդերու, հրթիռներու եւ պայթումներու պատճառով, որոնք կ՚իյնան ժողովուրդին վրայ, կը խլեն մանուկներու, կիներու եւ ծերերու կեանքերը: Այսքանը ե՞րբ Արեւմուտքը պիտի ՈՒԶԷ ա՛լ հասկնալ…

Կրնայի տան մէջ բանտարկուած մնալ: Բայց ստիպուած եմ ելլելու, աշխատանքի երթալու, շուկայ երթալու, պարտականութիւններ կատարելու:

Շուկան շատ զգուշ կը քալեմ, պայուսակս ամուր մը բռնած: Շատ բան չկայ թէեւ անոր մէջ, բայց գողցուելու պարագային միայն անձնաթուղթիս կորսուիլը կրնայ ահագին տաղտուկ պատճառել, երբ նոր մը ստանալը գրեթէ անկարելիի չափ դժուար է:

Կը դիտեմ անցորդներուն, մանաւանդ իսլամներուն դէմքերը, կարծելով «բան մը» տեսնել: Բան մը չեմ տեսներ: Ինչ որ կը տեսնեմ, ճիշդ իմ ապրած վախիս պէս վախ է, իմ ապրած զգուշութեանս նման զգուշութիւն է:Քանի քանի տասնամեակներ ապրեր ենք հոս, այս թաղերուն մէջ, առանց զգալու որ տարբեր ենք, որովհետեւ տարբեր չէինք, քաղաքի ժողովուրդը կազմող բաղադրիչներէն մէկն էինք …

***

Ամէն տարի աշակերտները այնպիսի խաղեր կը խաղային ուսուցիչներուն գլխուն, որ ուսուցիչները որքան ալ զգուշ ըլլային, կ՚իյնային ապրիլեան սուտին ծուղակը:

Այս տարի ո՞վ սիրտ ունի Ապրիլ մէկ խաղալու, մանաւանդ որ միայն երկու օր առաջ էր «սեւ կիրակի»ն. կ՚ըսուի թէ Զուարթնոց եկեղեցւոյ շրջակայ տուները այնքան վնասուած են, որ հաւատալի չէ, եւ աշակերտութեան մեծ մասը այդ շրջանները կը բնակի:

Կ՚երեւի նկատի առնելով կիրակիին ծանրութիւնը, Ճեմարանի ութներորդ կարգի դաստիարակ ուսուցչուհին կը յայտարարէ, որ երեքշաբթի օրուան գրաւորը յետաձգուած է:

Բայց երեքշաբթի առտու, առաջին թէ երկրորդ պահուն, գրաւորի հարցարանները կը բաժնուին: Կրնա՞ք պատկերացնել աշակերտութեան տագնապը.

– Բայց օրիո՛րդ, չէ՞ որ ըսիք յետաձգուած է …

– Ասանկ չըլլար … յանպատրաստի՞ց գրաւոր … չենք սորված …

– Օրիորդ, հաճի՜ս, երէկ գիտե՞ս քանի հատ հաուն, քանի հատ սարուխ ինկաւ …

Իրարանցումը այնքան մեծ է, որ տնօրէնը իր սենեակէն կ՚ելլէ, տեսնելու թէ ի՛նչ է աղմուկին պատճառը:

– Նախ հարցարանները կարդացէք մինչեւ վար, մինչեւ վերջին հարցումը, եւ ի՛նչ որ գիտէք գրեցէք:

Ու երբ աշակերտները կը հասնին վերջին հարցումին, կը տեսնեն, որ … գրաւորին յաջորդ թուականն է գրուած այնտեղ:

Մեծ գնահատանք այդ ուսուցչուհիին, որ աշակերտներուն տրամադրութիւնը փոխել մտածեր է նման ծանր մթնոլորտի մէջ:

 ***

Կիրակին սեւ էր ամբողջ քաղաքին համար, ինկած հրթիռներուն, հրասանդերուն եւ կազի պիտոններուն պատճառով:

– Թիրախը հայկական եկեղեցիներն են:

– Իսլահ Զիրա՚ին հայկակա՞ն է, իմ տանս շուրջ հայկական կառոյցներ կա՞ն:

Ամբողջ քաղաքը թիրախ էր երէկ. ու մարդիկ սարսափած, իրենց տուները կծկտած – որովհետեւ տուներն իսկ ապահով չեն – մէկ բան կը մտածէին՝ ինչո՞ւ է մեզի այս պատիժը, մեր ո՞ր մեղքին համար, այս ի՜նչ անէծք է Հալէպի գլխուն …

Եւ ըսել, որ կա՛ն մարդիկ, որոնք կարծես գոհ են, որովհետեւ իրենց մէջ պահուած ու նեխած անհասկնալի ոխեր ունին:

***

 Գիրքի Ակումբին հերթական գիրքը՝ «Նաւը Լերան Վրայ» իր աւարտը հազիւ քանի մը ընթերցողներու մօտ գտաւ:

– Չեմ ուզեր կարդալ,- կ՚ըսէր Քարէնը յամառօրէն:- Բայց ինչո՞ւ, Քարէն:

– Չեմ ուզեր կարդալ պատերազմական այնպիսի նկարագրութիւններ, զորս մենք այսօր կ՚ապրինք, ամէն օր նոյն վախը, սպասումը, բարկութիւնը ունինք. ընթերցումը հաճոյք պէտք է ըլլայ, չէ՞, այդպէս չէ՞ք ըսեր:

«Ինչպէս նաւը Սեւան չհասաւ, այնպէս ալ ընթերցումը իր աւարտին չհասաւ» գրեր էր Սեւանը դիմագիրքի իր պատին:

Բայց Սիւզանը շարունակեց ընթերցումը.- Ես տունն ալ գիրքի ակումբ ստեղծեր եմ,- ըսաւ,- իմ եւ ամուսինիս ծնողներուն համար կը կարդամ եւ յետոյ կը քննարկենք:

Այսպէս է, որ Գիրքի Ակումբը ոչ միայն ինծի հաճոյք եւ ուրախութիւն կը պատճառէ, այլ նաեւ տասնեակ մը երիտասարդուհիներու եւ, նոյնքան անհրաժեշտ՝ կը հասնի նաեւ երէցներու եւ տարեցներու: Այդ հաճոյքին մէջ կը մոռնանք պատերազմական առօրեան, վախերը, գալիքի անորոշութիւնը, կը տեսնենք մանաւանդ որ մինակ չենք, որ միշտ այդպէս եղեր է, միշտ ալ այդպէս պիտի ըլլայ:

 ***

Երբ ծանր եւ մեծ պայթումէն ետք, որուն ձայնը մենք ալ լսեր էինք, հեռաձայնեցին ինծի՝ «ո՞ւր ես», շուկան էի ընկերուհիներուս հետ:

– Մեր կողմերն են,- ըսաւ դրացիս,- մեր  տան շատ մօտիկ:

Գոյնը թռաւ դէմքէս: Չորս կողմս նայեցայ: Ոչ մէկ խուճապ: Կիներ իրենց զաւակներով խանութ կը մտնէին-կ՚ելլէին, հանդարտօրէն կը դիտէին ցուցադրուած ապրանքը, կարծես ոչինչ պատահած ըլլար, կարծես այդ քանի մը թաղ անդին եղած պայթումը ճիշդ հիմա, ճիշդ այստեղ ալ չէր կրնար պատահիլ:

Գոյնը թռաւ դէմքէս: Ամէն մէկս իր տունը վերադարձաւ:

Տանս թաղը կը կարծէի որ մեծ ահազանգի մէջ պիտի գտնեմ: Այդպէս չէր: Մտայ տարիներու մեր նպարավաճառին.

– Իրա՞ւ է:

– Անշուշտ,- ըսաւ,- շատ, շատ ծանր էր, ահաւոր ձայնով:

Մարդը իրապէ՛ս վախցեր էր:

Ո՞ր մէկը աւելի ծանր է՝ մեր ամէնօրեայ վիճա՞կը, մանաւանդ  «սեւ» Կիրակիէն ի վեր, երբ մեծ շրջանի մը մէջ տուներ կիսափուլ եղան, քանի քանի զոհեր տուինք այս ամբողջ պատմութեան սկիզբէն ի վեր, թէ՞ անոնցը, որոնք ստիպուեցան իրենց տուները լքել եւ հեռանալ: Անոնց թիւը այնքան շատ է արդէն, որ «սովորական» դարձեր է:

Ինչո՞ւ է Հալէպին այս պատիժը:

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.