Քեսապցի ծերունիին հետ Youtube-ի տեսերիզին մէջ անձը թուրք գործակալ է

\n

 

\n

\n

Տեսանիւթերու կայքէջին՝ Youtube-ի վրայ տեղ գտած փաստագրական ժապաւէնի մը մէջ կար Քեսապահայ ծերունի Լութեր Թըրթըրեանի հետ իսլամապաշտ զինեալի մը զրոյցը, ուր վերջինս զայն կը հրաւիրէր հաւաքելու իր կարեւոր իրերը եւ լքելու տունը։

Քեսապի վրայ յարձակումէն եւ հայ բնակչութեան տեղահանութենէն ետք, 82-ամեայ ծերունի Թըրթըրեան Ապրիլ 23-ին Վագըֆ գիւղի մէջ, ուր տարագրուած էր, մահացած է սրտի տագնապէ։

Քրտական աղբիւրներ կը պնդեն, թէ խնդրոյ առարկայ տեսանիւթին մէջ մօրուսաւոր իսլամապաշտը, որ Թըրթըրեանէն կը պահանջէ «հաւաքել ամենէն անհրաժեշտ իրերը եւ լքել տունը», Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ MIT-ի գործակալ Հէյսէմ Թոփալճան է։ Այս անձը ծանօթ է որպէս Սուրիոյ Պայր-Պուճաք թիւրքմէնական շրջանի գումարտակի հրամանատար։

Սակայն, ենթակային ինքնութիւնը նուազ ծանօթ է իր միւս երեսով։ Ան Թուրքիայէն բեռնատարներով Սուրիոյ ալ- Նուսրա ճակատին համար զինամթերք փոխադրելու համար Թուրքիա-Սուրիա սահմանը անցած խումբի ղեկավարն է։

Այս անձը եւ անոր ընկերացած բեռնատար կառքերու շարասիւնը 2014 Յունուար 1-ին թուրք ոստիկաններու պատահականօրէն ձերբակալուած էին Մէրսինի մէջ, բեռնատարներու մէջ յայտնաբերուած ըլլալով մեծ քանակութեամբ զինամթերք։ Ապա, մէկ հեռաձայնով շարասիւնը եւ Հէյսէմ Թոփալճա ազատ արձակուած էին։

\n

Տեսերիզը դիտել հոս՝

\n

http://www.youtube.com/watch?v=_91ZIljd0qM

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.