Քեսապի շուրջ մարտերը կը շարունակուին


Syrian Observatory for Human Rights-ի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ապրիլ 22-ին թէժ մարտեր ընթացած են Քեսապի շուրջ։ Բախումները յատկապէս կեդրոնացած եղած են Գարատուրանի, Էքիզօլուքի (Երկու Աղբիւր) բնակավայրերուն շուրջ։ Ըստ նոյն կայքէջին Սուրիական բանակի կողքին կռիւներուն կը մասնակցին «Հըզպալլահ»ի եւ «Իսկէնտէրունի ազատագրման սուրիական դիմադրութեան» ջոկատներ, որոնց դէմ կը կռուին ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներու զինեալներ, որոնց շարքին՝ Ժապհաթ Ալ Նուսրա- Ահրար Ալ Շամ Անսար Ալ Շամ եւ այլ խմբաւորումներ։

Միւս կողմէ, Լիբանանի տեղեկատուական նախարարութեան NNA կայքէջը կը յայտնէ, որ Ապրիլ 23-ին, 34 թոն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող ռուսական օդանաւ մը ժամանած է Լաթաքիոյ օդակայան։ Օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի Լաթաքիոյ շրջանի սուրիացի գաղթական քաղաքացիներուն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.