Սերժ Թանքեանի նամակը թուրք ժողովուրդին
Ապրիլ 24-ին ընդառաջ Թուրքիոյ երկլեզու (հայերէն և թրքերէն) «Ակօս» շաբաթաթեթի նախաձեռնութեամբ սփիւռքահայ գործիչներ նամակով դիմած են թուրք ժողովրդին, որոնց շարքին ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեանը, բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը, գրող Նէնսի Գրիգորեանը, դերասանուհի Արսինե Խանճեանը և այլք:
Սիրելի՛ Թուրքիոյ ժողովուրդ, Անունս Սերժ Թանքեան է։ Ես Լիբանան ծնած նիու զիլանտացի-ամերիկացի հայ եմ։ Իմ զոյգ մեծ հայրերս ու մեծ մայրերս բոլորն ալ կու գան այն վայրէն, որ ներկայիս Թուրքիա կը կոչուի։ Ստեփան անունով մեծ հայրս Կեսարիոյ Էֆքերէ շրջանէն եկած է, իսկ Վարսենիկ մեծ մայրս՝ Թոքատէն:
Միւս մեծ հայրս ու մեծ մայրս Տորթեոլէն եւ Ուրֆայէն են։ Անոնցմէ ոչ մէկը իր ծննդավայրը լքած է իր ազատ կամքով:Անոնք բոլորն ալ վերապրողներ են քստմնելի ցեղասպանութենէն, որ իրագործուած է Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն, կառավարութեան գլուխ անցած Իթթիհատականներուն կողմէն: Բոլորն ալ երախաներ էին այն ժամանակ։ Ստեփան մեծ հայրս փրկուած էր եւ ժամանակ մը ապրած էր ամերիկեան որբանոցի մը, ապա ալ յունական որբանոցի մը մէջ, նախքան Լիբանան հասնիլը որպէս գաղթական։ Վարսենիկ մեծ մայրս եւ անոր մեծ մայրը սպանդէն փրկուած են թուրք քաղաքապետի մը շնորհիւ, որ իր կեանքը վտանգի տակ դրած է շիտակ բանը ըրած ըլլալու համար:
Այս պատմութիւները Թուրքիոյ կամ այլ պետութիւններուն արխիւներու պատմութիւններ չեն։ Այս դէպքերը իմ ընտանիքիս պատմութիւններն են:
Աւելի քան 600 տարիներ առաջ, այն երկիրը, ուրկէ մեծ հայրերս եկած են, կը ճանչուէր որպէս պատմական Հայաստան։ Երբ մարդաբաններ հետախուզութիւն կատարեն Թուրքիոյ մէջ, անոնք կը գտնեն մեր մշակոյթին մնացորդացը, հելլենական-յոյներուն եւ այլոց կողքին:
Թուրքիան շատ կարեւոր է ինծի համար, ոչ միայն իմ մեծ հայրերս հոնկէ եկած ըլլալուն համար, այլ քանի որ իմ ամբողջ ազգս կու գայ այդ հողերէն, որոնք բռնի ուժով խլուած են անոնցմէ՝ ոչ թէ պատերազմի հետեւանքով, կամ երկրին սահմաններուն փոփոխութեան ենթարկելուն պատճառով, այլ Իթթիհատական կառավարութեան վայրագ հրահանգներուն պատճառով։ Ի՞նչ նշանակութիւն ունին այս բոլորը մեզի համար այսօր։ Շատ պարզ է։ Հայերս չենք ուզեր ճնշել Թուրքիոյ վրայ, կամ ցեղային պառակտում ստեղծել, մենք միայն արդարադատութիւն կ`ուզենք, որպէսզի բոլորս կարենանք յառաջ անցնիլ այս պատմական ցաւէն, որ կը կաշկանդէ մեր յարաբերութիւնները։ Ասիկա միայն Հայոց պատմութեան չի վերաբերիր, այլ նաեւ Թուրքիոյ պատմութեան:
Արդեօ՞ք Էրտողանի կառավարութիւնը ճիշդ քայլ պիտի առնէ այս հարցին գծով։ Չեմ կարծեր։ Ոչ ալ զինուորական ատեանը , որ ժամանակակից պատմութեան ընթացքին իշխած է Թուրքիոյ վրայ, պիտի կատարէ ատիկա:
Տեղեա՞կ էք, թէ ձեր կառավարութիւնը տարեկան միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ ժխտելու համար այս իրականութիւնը օտար մայրաքաղաքներուն մէջ զանազան լոպինկի ընկերութիւններ գործի դնելով եւ տարբեր համալսարաններու մէջ նախագահի պաշտօններ յառաջացնելով, որպէսզի հիւսեն իրականութիւն մը ըստ իրենց յարմարութեան։ Գիտէ՞ք, թէ այդ մէկը ինչ նշանակութիւն ունի մեզի, որպէս՝ հայ։ Գիտէ՞ք թէ որքան տանջալի է այս մէկը մեզի համար։ Բաւարար չէ՞ իմ՝ պատմութեան մէջ սոսկալի եղեռն մը վերապրողներու թոռը ըլլալս։ Ստիպուա՞ծ եմ մէյ մըն ալ միջազգային գետնի վրայ քարոզչութեան ու փտածութեան պայքարիլ, որպէսզի տիրանամ արդարութեանս:
Թուրքիա՝ իր ներկայ տաժանքին մէջ ինքզինք գտնելը մեծաւ մասամբ կախեալ է մեզմէ՝ հայերէս։ Մեր պատմութիւնները, աշխարհագրութիւնները եւ արիւնը իրարու այնքան մօտ են, որ չենք կրնար այս հարցերուն լուծում չգտնել:
Թէ՛ հայերը եւ թէ թուրքերը արժանի են ունենալ ղեկավարներ եւ կառավարութիւններ, որոնք իսկական հաւասարապաշտ, ժողովրդավար եւ ոչ փտած են:
Աւարտելով, կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր հիանալի մարդոց, որոնց հանդիպած եմ Թուրքիա եւ որոնք ինծի հետ կիսած են իրենց պատմութիւնները՝ երաժշտական շրջագայութեանս ժամանակ եւ առցանց, եւ որոնք ինծի ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրան հիմնուած մերձեցման յոյս ներշնչած են:Մաղթանքս է, սիրելի՛ ժողովուրդ Թուրքիոյ, որ կարենաք իսկապէս գտնել դուք ձեզի:
Ապրիլ 24-ի առիթով
Խաղաղութիւն
Սերժ