Հայ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Հալէպի Մէջ

\n

\n

 

\n

Հալէպի մէջ կը շարունակուին զինուորական թէժ բախումները։  Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանսասար» թերթը:

\n

Զինեալ խմբաւորումներ կը շարունակեն տասնեակներով հրասանդեր եւ արկեր արձակել Հալէպի զանազան շրջաններուն, յատկապէս Նոր Գիւղ շրջանին վրայ` մարդկային եւ նիւթական լուրջ վնասներ հասցնելով բնակչութեան։ Արձանագրուած են հայ եւ տեղացի վիրաւորներ, զոհեր։ Վիրաւոր հայորդիներու անուններն են․-
Վրէժ Եագուպեան
Ժագ Տէկիրմենճեան
Յարութ Աբիկեան
Արաքսի Օրուլեան
Յասմիկ Մանուէլ-Թիւթիւնճեան
Կարօ Քարակիւլլէյեան:

\n

Տեղացի զոհերուն կողքին, զոհուած են նաեւ երկու հայորդիներ՝ Սագօ Աշնալըքեան եւ Լեւոն Գէորգեան։

\n

«Գանձասար»-ը կը զգուշացնէ եւ կը խնդրէ տեղի բնակչութեան հեռու մնալ պատուհաններէ եւ պատշգամներէ , իսկ պայթիւններու ձայներ լսելու պարագային անմիջապէս դուրս չելլել։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.