Քեսապի Մէջ Հայ Երիտասարդ Մը Սպաննուած Է

\n

\n ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 11ին, «Սիվիլնեթ»ը շարք մը վստահելի աղբիւրներէ հաստատած է, որ Գէորգ Ջուրեան՝ Բաբգէն եւ Նուարդ Ջուրեաններու որդին, սպաննուած է սուրիական զինեալ ընդդիմադիրներու կողմէ՝ Քեսապ մնացած հայերուն մօտ զէնքեր փնտռելու գործողութեան մը ընթացքին: Սպանութիւնը տեղի ունեցած է Քեսապի մէջ, երբ գլխաւորաբար տարեցներէ բաղկացած խումբը կը տեղահանուէր դէպի Թուրքիա: 23ամեայ Գէորգ Ջուրեանի ծնողները, հօրեղբայրները եւ մեծ մայրը, 21 հոգինոց խումբի մը հետ տեղափոխուած էին Վագըֆ:
\n Վագըֆի հայ համայնքի ներկայացուցիչները դիմած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ յայտնաբերուին եւ ազատ արձակուին այն հայերը, որոնք, հաւանաբար, տակաւին կը գտնուին իսլամ ծայրայեղական զինեալ խումբերու մօտ:\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.