Հայկական Քաղաքներուն Մէջ Որո՞նք Յաղթած Են Թուրքիոյ Տեղական Ընտրութեանց Ընթացքին

\n

ԵՐԵՒԱՆ, «Անկախ».- Մինչ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի քննարկուիլ անցեալ Կիրակի կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ անոնց ընթացքին արձանագրուած օրէնքի խախտումները, Պոլսոյ «Ակօս» թերթը հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը կատարած է այն մասին, թէ մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութիւն Թուրքիոյ մէջ հայերով բնակուած քաղաքներուն մէջ ո՞ր կուսակցութիւնները՝ որքա՞ն ձայն հաւաքած են: Ուսումնասիրութենէն պարզուած է, որ ժամանակին հայաբնակ եղած քաղաքներուն մէջ, այսօր ընտրուած են հիմնականին մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (ԱԲԿ) ու ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում (ԱՇԿ) կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները:
\n Ստորեւ՝ արդիւնքները.

\n

ՔՈԶԱՆ (ՍԻՍ, ԱՏԱՆԱ)՝ ԱՇԿ 47%, ԱԲԿ 42%

\n

Կիլիկիոյ սիրտին մէջ տեղակայուած Քոզանի վիլայէթի վարչական կեդրոնը հանդիսացող Սիսը հայ թագաւորներու մայրաքաղաքն էր: 1914ին հոն ապրող 8 հազար բնակիչներէն 5600ը հայ էր: 1902ին Սիսի 7 հայկական դպրոցները 641 աշակերտ ունէին:

\n

ԹԱԼԱՍ (ԿԱՅՍԵՐԻ, ԿԵՍԱՐԻԱ)՝ ԱԲԿ 47%, ԱՇԿ 41%

\n

Կեսարիայէն 5 քլմ. հարաւարեւելք տեղակայուած Թալաս քաղաքին մէջ 20րդ դարասկիզբին 1894 հայեր կը բնակէին՝ կազմելով բնակչութեան 42 տոկոսը: Հակառակ վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, այսօր քաղաքին մէջ տակաւին շատ բաներ կը յիշեցնեն երբեմնի հայկական անցեալը:

\n

ՇԱՊԻՆ ԳԱՐԱՀԻՍԱՐ (ԿԵՐԱՍՈՒՆ)՝ ԱԲԿ 41%, ԱՇԿ 32%

\n

17րդ դարասկիզբին, այս քաղաքին մէջ 1600 հայկական տուն կար: Հայերը բաւական բարեկեցիկ կեանք ունէին եւ զարմանալի չէ, որ 1895ին՝ 5 հազար հայերու սպանութենէն ետք, թուրքերու սահմանափակ ունեցուածքը մեծապէս եւ արագօրէն աճեցաւ: Այնուհանդերձ, մինչ Համաշխարհային Ա. պատերազմ, հոն տակաւին 4918 հայ կ՛ապրէր՝ կազմելով բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
\nՄԵԼԻՔՂԱԶԻ (ԳԵՐՄԻՐ/ԿԱՐՄԻՐ) ԱԲԿ 61%, ԱՇԿ 25%

\n

Գերմիրը 365 հոգինոց հայկական բնակչութիւն ունեցող գիւղ մըն էր: Անոր հիասքանչ գմբէթով, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին տարածաշրջանի ամենահին կառոյցներէն մէկն էր: Գիւղի բնակիչները յայտնի էին իբրեւ հմուտ վաճառականներ:

\n

ՔԵՄԱԼԻԷ (ԱԿՆ/ԵՐԶՆԿԱ) ԱԲ Կ52%, ԱՇԿ 43%

\n

Քեմալիէն 7700 հայ եւ 6 հազար թուրք բնակիչ ունեցող քաղաք մը եղած է 20րդ դարու սկիզբը, ուր կային նաեւ շուրջ 300 վաճառականներ: Գիւղատնտեսութեան համար յարմար տարածքներու բացակայութիւնն ու շուկաներու վրայ տեղական արհեստի գործերու սակաւութիւնը պատճառ դարձած էր, որ հայերը զբաղին առեւտուրով եւ ֆինանսական գործերով:

\n

ՊԱՅՊՈՒՐԹ (ԲԱՐԲԵՐԴ)՝
\nԱԲԿ 52%, ԱՇԿ 38%

\n

Բաբերդ/Բայբուրդի մէջ 3500 հայ, 2200 թուրք եւ 500 յոյն կը բնակէր: Քաղաքին մէջ կը գործէր մեծ ու փոքր շուրջ 400 արհեստաւոր՝ կտորի ներկարարներ, մոմագործներ, մետաքսեայ եւ բրդեայ գորգագործներ, զինագործներ, ոսկերիչներ եւ այլն: Բացի 3 կրթօճախներէ, ուր 420 աշակերտ կը սորվէր, աւանի կեդրոնը հայերու պատկանող բազմաթիւ կրօնական կառոյցներ կային:

\n

ԷԼԱԶԸՂ (ԽԱՐԲԵՐԴ) ԱԲԿ 55%, ԱՇԿ 29%

\n

Խարբերդի մէջ 39,788 հայ կ՛ապրէր: Հոն կար 67 եկեղեցի, 9 վանական համալիր եւ երկու դպրոց, ուր կ՛ուսանէին 8660 աշակերտներ:

\n

Աւելցնենք, թէ անցեալին հայաբնակ, իսկ ներկայիս քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, ինչպէս՝ Արարատ, Պիթլիս, Հաքքարի, Մերտին, Տիգրանակերտ, Սղերդ, Տերսիմ, Վան, Իկտիր ու Պաթման, յաղթանակ արձանագրած են քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կամ անոր գաղափարակից անկախ թեկնածուները:
\n Նաեւ, Էրզրումի, Մուշի, Սվազի, Ուրֆայի, Արտահանի եւ Քիլիսի մէջ յաղթանակած է իշխող կուսակցութիւնը, իսկ Կարսի մէջ յաղթանակ արձանագրած է Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.