Զարաքօլու Պիտի Մասնակցի Քոնկրեսին Մէջ Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման

\n

 

\n

\n

 

\n

\n

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ յայտնի թուրք մտաւորական, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար գործնական պայքար մղող Ռակըփ Զարաքօլուն պիտի մասնակցի Ապրիլ 9ին, Քոնկրեսի շէնքին մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան 99րդ ոգեկոչման ձեռնարկին ու պիտի ներկայացնէ հիմնական զեկոյցը:
Զարաքօլուն Հայկական Ցեղասպանութեան մասին գրած եւ հատորներ հրատարակած է 1990ականներէն ի վեր: Անոր պատկանող «Պելկէ» տպագրատունը առնուազն 10 հատոր հրապարակած է Ցեղասպանութեան նիւթով, որուն համար Զարաքօլու եւ անոր ընտանիքի անդամները շարունակաբար հետապնդուած են Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ եւ յաճախ՝ բանտարկուած:
Քոնկրեսին մէջ ամէն տարի կայացող Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին կը մասնակցին շարք մը ամերիկահայ կազմակերպութիւններ, Հայաստանի դեսպանութեան եւ Ուաշինկթընի մօտ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը:

\n

 

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.