Վերջին լուրերը Քեսապի ճակատէն

\n

\n

 

\n

Մինչ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Քեսապի շրջանին մէջ բախումները մագլցում ար-արձանագրած են եւ Քրտահայի մէջ 5 ռումբեր ինկած են, ռուսական Vesti.ru կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը սկսած է ազատագրել Քեսապը, որ կը գտնուի Լաթաքիայէն 65 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Սուրիական բանակի հրետանին կրակ բացած է զինեալներու դիրքերուն ուղղութեամբ:

\n

Սուրիոյ բանակը կիրակի օր իր վերահսկողութեան տակ առած է Քեսապի մերձակայ բարձունքները եւ մօտեցած Նսըր գագաթին, որուն մօտէն կը բացուի դէպի զինեալներուն կողմէ գրաւուած շրջաններ տանող ճամբան: Ոչնչացուած են զինեալներուն պատկանող հրթիռային սարքաւորումներ:

\n

«Սուրա ալ-Էն» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քեսապի ճակատին վրայ նախաձեռնութիւնը ամբողջութեամբ կառավարական ուժերուն ձեռքն է: Շրջան ուղարկուած են զինուորական այն ստորաբաժանումները, որոնք լեռնային շրջաններուն մէջ մարտեր մղելու փորձառութիւն ձեռք ձգած էին Դամասկոսի հիւսիսը գտնուող Քալամուն շրջանի մարտերուն ընթացքին: Ըստ թուրք բժիշկներու ներկայացուցած տուեալներուն, վերջին օրերուն ընթացքին 2695 ծայրայեղականներ սպաննուած են եւ Թուրքիոյ մէջ հիւանդանոցներ փոխադրուած են 5635 վիրաւորներ:

\n

Հըզպալլայի եւ Սուրիոյ բանակի զինուորական գործողութիւններու միացեալ գրասենեակէն ղեկավարներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնած են, որ ընդդիմութեան Շամ Իսլամ, Անսար Շամ, Ժապհաթ Նուսրա եւ Ահրար Շամ (վերջիններս Քայիտայի առչնակից խմբաւորումներ են) խմբաւորումներու հազարաւոր զինեալներ Թուրքիոյ հետ Քեսապի անցքէն մուտք գործած են սուրիական հողեր: Աղբիւրները կը նշեն, որ սուրիական ղեկավարութիւնը չէր սպասեր, որ Թուրքիա Քայիտային առնչակից խմբաւորումներուն արտօնէ Սուրիա մուտք գործել Քեսապի ճամբով, ուր հայեր կը բնակին: Անոնք նշեցին, որ բանակը շրջան ուղարկած է լեռնային մարտերու փորձառութիւն ունեցող ուժեր, որոնք մասնակցած են Եապրուտի եւ Մազարեհ Ռիմայի մէջ տեղի ունեցած մարտերուն: Այլ ուժեր եկած են Թարթուսէն եւ Դամասկոսէն:

\n

Սուրիոյ բանակը նաեւ իր հակաօդային համակարգերը ուղղած է դէպի Թուրքիա` Սուրիոյ օդային տարածքը խախտող թրքական օդանաւերը վար առնելու համար:

\n

Միւս կողմէ, սէուտական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սուրիական ազատ բանակի ջոկատները, որոնք սուրիական ծովափին մէջ ճակատ բացած են, մտադիր են Ժապալ Թիւրքմէնի շրջանէն մեկնելով ճակատամարտը ընդլայնել:

\n

Սուրիական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Նաշրա» կայքին յայտնած են, որ մինչեւ հիմա Քեսապի դէմ յարձակումին թրքական ուղղակի միջամտութեան հակադարձելու որոշում չէ տրուած, որպէսզի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան զայն քաղաքապետական ընտրութիւններուն մէջ չօգտագործէ, «սակայն այդ ընտրութենէն ետք ամէն ընտրանքները սեղանի վրայ են»:

\n

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի յայտարարած է, որ Էրտողան նպաստած է զինեալ ահաբեկիչներու Քեսապի շրջան մուտքին` ոտնահարելով միջազգային արժէչափերը` աւելցնելով, որ այն, ինչ որ Էրտողանի կառավարութիւնը կատարած է, ոչ միայն Քեսապի եւ Լաթաքիոյ հիւսիսի, այլ նաեւ բոլոր սահմանամերձ շրջաններու իրաւունքներուն խախտում է: Ան նշեց, որ Էրտողանն ու անոր կառավարութիւնը առնչուած են միջազգային ահաբեկչութեան, ինչպէս Լիպիոյ մէջ, այնպէս ալ Թունուզի եւ Եգիպտոսի մէջ:

\n

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարը ըսած է, որ Քեսապի շրջանին մէջ այժմ կռուող զինեալները ո՛չ սուրիացիներ են, ո՛չ ալ` սուրիական ընդդիմութեան անդամներ, այլ անոնք հիմնականին մէջ սէուտցիներ, աֆղաններ, լիպիացիներ եւ չեչեններ են:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.