17 Մարտ 1905 – Վիտոշի Խորհուրդը. Քրիստափոր իր Արիւնը Միախառնեց Հայկական Ազատամարտի Սուրբ Միւռոնին


 

Մարտ 17-ի օրը անմահ խորհուրդով մը իր անմոռանալի տեղը գրաւած է մեր ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ՝ խորհրդանշելով հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական սրբացման եւ յեղափոխական պայծառակերպման օրը։

Օրը՝ սեփական անձին օրինակով ամբողջ սերունդներ յարատեւ կռուի առաջնորդելու, անյաջողութեանց մատնուելու ժամանակ անգամ պայքարի վճռականութիւնը չկորսնցնելու եւ Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրումի դարաւոր երազը անպայման յաղթանակով պսակելու Քրիստափորեան անդառնալի Ուխտին։

Օրը՝ Վիտոշի Խորհուրդին եւ Քրիստափորի նահատակութեան լուսապսակ Աւանդին։

109 տարի առաջ, 17 Մարտ 1905-ին, Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան լանջին, «Մեծ Մարդասպանին»՝ Սուլթան Համիտի ահաբեկման համար պատրաստուած ռումբի հերթական փորձարկումի մէկ պահուն, ողբերգական դիպուածով ապաժամ պայթումի զոհ գնաց Հայկական Յեղափոխութեան անզուգական ղեկավարը՝ Քրիստափոր Միքայէլեան, իր կողքին ու ճակատագրակից ունենալով զինակիցը՝ Վռամշապուհ Քենտիրեանը։

1904-ին գումարուած Հ.Յ.Դ. 3րդ Ընդհանուր Ժողովին որոշուած էր Սուլթան Ապտիւլ Համիտի ահաբեկումը։ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյնը եւ իրաւամբ Դաշնակցութեան Կամքին մարմնաւորումը հռչակուած Քրիստափոր ի՛նք եղած էր դրօշակիրը «Կարմիր Սուլթան»ը մահուամբ պատժելու յանդուգն որոշումին։ Աւելի քան բնական էր, հետեւաբար, որ Քրիստափոր անձամբ ստանձնէր որոշումին գործադրութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը, եւ ստանձնե՛ց։

Դաշնակցութեան հիմնադիրը գերագոյն պարտքի զգացումով ձեռնամուխ եղաւ մեծ Բռնակալի ահաբեկման ծրագրումին եւ գործադրութեան։
Պատասխանատուութեան միեւնոյն մղումով ալ անձամբ ղեկավարեց ահաբեկչական գործողութեան բոլոր հանգրուաններուն մանրամասն ծրագրումն ու նախապատրաստութիւնը։

Եւ այդ ճամբուն վրայ Քրիստափորի բաժին ինկաւ ճակատագրի դառն խաղը՝ նահատակութեան արկածն ու ողբերգութիւնը…

109 տարի անցած է Վիտոշի ողբերգական դիպուածէն ասդին, բայց որքան ժամանակը թաւալի եւ որքան խորանան Վիտոշի Խորհուրդը վերծանելու փորձերը, այնքա՛ն կը խտանայ եւ այժմէական իր թելադրականութիւնը կը շեշտէ Քրիստափորի արեամբ սրբագրուած Հայկական Յեղափոխութեան գաղափարական Կտակը։

Վիտոշի Խորհուրդը հայոց սերունդներու ուղին լուսաւորող Աւանդ է։
Առաջին հերթին արդի ժամանակներու Հայ Մարդուն կը ներշնչէ անհուն ինքնավստահութիւն ու հպարտութիւն, որովհետեւ հայ ազատագրական շարժման մեծ առաջնորդը իր կեանքի գնով օրինակ դարձաւ յեղափոխական յանդգնութեան։

Ոչ միայն խօսքով, այլեւ կենդանի գործով Քրիստափոր մարմնաւորեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան պայքարին անսակարկ անձնուիրումը։

Ու գերագոյն իր զոհաբերութեամբ եկաւ հաստատելու, որ երբ կայ մարտունակութիւնը եւ երբ ամրապինդ է անհաւասար ուժերով անգամ կռուի դաշտ նետուելու կամքը՝ յեղափոխականը ի վիճակի է իր զէնքերը հնարելու եւ սանձելու ամէնէն անխոցելի կարծուած բռնակալներն իսկ։

Իբրեւ այդպիսին՝ Վիտոշ լերան լանջին իր ողբերգական վախճանով, Քրիստափոր հայոց հետագայ սերունդները հեռու պահեց տարբեր ժամանակներու հայկական պահպանողականութեան, անձնապաշտութեան եւ ստրկական համակերպութեան բոլոր դեդեւումներէն եւ սայթաքումի փորձութիւններէն։ Իր գերագոյն զոհաբերութեամբ պատգամեց՝
«Մենք կարող ենք, ի հարկէ, նոյն մեր անձնապաշտ արեան հետեւելով, անիծել երկրագնդիս բոլոր քաղաքակիրթ ազգերին էլ, որ այն ժամանակ, երբ մենք անասնական թէ սրիկայական, վաշխառուական թէ ստրկական ժպիտներով վերաբերուեցինք դէպի օրաւուր մեր առաջը գտնուող խնդիրները, նրանք – այդ ժողովուրդները – գլխապատառոտի տակ չտուին իրենց բոլոր շահերը եւ հայկական կռուի դաշտը չգրաւեցին… Այո՛, կարող ենք այդ էլ անել, ուրիշ շատ բաներ էլ անել, բայց ե՞րբ պիտի քաղաքացիական համարձակութիւն ունենանք մի փոքր էլ մեր վրայ անդրադառնալու եւ մեր բարոյական պակասութիւններին, մեր վատառողջ բնազդներին, մեր ազգային ախտերին՝ «պատմական այդ չարիքին» եւս՝ որոշ տեղ տալու մեր կրած տառապանքների ու մեր ներկայ ծանր կացութեան մէջ…»։

Երկրո՛րդ. պետական սարսափի եւ ահաբեկումի սուլթանական անպատիժ յանցագործութեան դէմ՝ Վիտոշի նահատակութիւնը եկաւ ամրագրելու, որ նոյնինքն ահաբեկչութիւնը կրնայ փրկարար կռուի սրբազան զէնք դառնալ… տկարներուն ձեռքը։

Համիտեան բռնակալութիւնը քաղաքական ուղի ընտրած էր պետական ահաբեկչութիւնը եւ հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրական շարժման ամէնէն խաղաղ ելոյթներն անգամ անմեղ հազարաւորներու արեան մէջ խեղդելու… «ցեղասպանական» վարքագծին անձնատուր եղած էր։
Քրիստափոր իր արեան նուիրաբերումով եկաւ ուսուցանելու, որ թրքական պետութեան հայաջնջումի ահաբեկչութեան արժանի պատասխանն էր Համիտի ահաբեկումը, իբրեւ հոգեփոխիչ օրինակը տկարներու արդարադատ ահաբեկչութեամբ պետական «ահաբեկչութիւն»ը սանձելու յանդգնութեան անսպառ ուժին։

Առանց Վիտոշի Խորհուրդին դժուար է ամբողջական բացատրութիւնը գտնել այն գաղտնիքին, թէ ահաբեկչութիւնն ու ահաբեկիչը ինչո՛ւ սրբութեան իմաստ եւ արժէք ստացած են հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն համար։ Հայ ժողովուրդին պարտադրուած տկարի եւ զոհի դաժան ու անարդար ճակատագրին դէմ գերագոյն ծառացումով՝ քրիստափորեան յանդգնութեամբ իր լրիւ բացատրութիւնը կը գտնէ Հայ Ահաբեկիչին նկատմամբ Սիամանթոներով հիւսուած արդի հայուն խորագոյն պաշտամունքը։

Եւ հայոց սերունդները Վիտոշի Խորհուրդէն վերցուցին Հայկական Ազատամարտի մեծ առաջնորդին անաւարտ գործը շարունակելու յանձնառութիւնը՝ այդ ճամբուն վրայ գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու վարակիչ օրինակը։

Մարտի 17-ն է դարձեալ, աւելի քան դարաշրջան մը անցած է 1905-ի այդ չարաբախտ օրէն ասդին, բայց Վիտոշի Խորհուրդը ինչպէս անցեալ երկար տասնամեակներուն, նաեւ մեր օրերուն կը շարունակէ յեղափոխական յանդգնութեամբ ջրդեղել հայոց սերունդներու ուղին։

Երբ մեծերն ու զօրեղները բիրտ ուժով եւ պետական ահաբեկչութեամբ կը շարունակեն տկարներուն արդար պահանջները խեղդելու իրենց վաքագիծը,
Երբ հայ ժողովուրդի պատմական պատուհասը՝ թրքական ցեղասպան պետութիւնը կը շարունակէ իր փորձերը, պետական ահաբեկչութեան նորանոր հնարքներով, խեղդելու հայ ժողովուրդին արդար պահանջատիրութիւնը:

Աւելի քան հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ հայոց սերունդները իրենց հայեացքը կ’ուղղեն դէպի Վիտոշի Խորհուրդը։

Դէպի Հայկական Ազատամարտի յեղափոխական սուրբ միւռոնին իր արիւնը միախառնած Քրիստափորի անմահ պատգամը.-

«Յարատեւ կռիւ – յաճախ եւ երկար ժամանակ, գուցէ անյաջող՝ չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին – ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին։ Պահպանե՛ք, շարունակենք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով՝ յարատեւի – ահա՛ դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը։ Չշեղուե՛նք այդ ճանապարհից, որ պատճառների եւ հետեւանքների կապակցութեամբ, ունի պատմութեան մէջ հաստատուած օրէնքի ոյժ. չշեղուե՛նք այդ միակ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով»։

Նազարէթ Պէրպէրեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.