Էջեր հալէպահայի մը օրագրէն – Ի. Բաժին


Փողոցը պատահաբար հանդիպեցայ իրեն: Չէր փոխուած. նոյն հաճելի, ժպտադէմ եւ պերճախօս ուսուցչուհին էր, մանկապարտէզի ամենէն սիրուած եւ փնտռուած ուսուցչուհին, կ’երեւի կէս դար մը առաջ, երբ ինք ալ տակաւին հազիւ բացուած վարդ մըն էր:

-Եկեղեցի կ’երթամ Յիսուսիս հետ խօսելու,- ըսաւ,- խօսելու որ ա՛լ վերջ մը տայ այս բոլոր եղածներուն …

Ինք շարունակեց խօսիլ ու պատմել, մինչ ես, նոր անդրադարձած իր ամբողջական առանձնութեան, սկսայ մտահոգուիլ իրմով, թէ ի՛նչ կ’ընէ այսքան ծանր պայմաններու մէջ:

-Եղնիկ մը ունիմ,- շարունակեց,- Գանատայէն բերեր էի, հանեցի սենեակիս մէջ դրի, ըսի Կաղանդ ըլլալը գոնէ զգամ: Եղնիկս տխուր-տխուր նայեցաւ ինծի ու ըսաւ՝ «Զիս ինչո՞ւ հոս բերիր, հոս մութ է ու պաղ, աւելի լաւ չէ՞ր հոն մնայի, կաղանդի լուսաւոր ծառի մը տակ, ուրախութեամբ շրջապատուած»: Ես ալ շա՜տ նեղուեցայ եղնիկիս համար, բայց ճիշդ ա՛յդ պահուն հոսանքը եկաւ, «տեսա՞ր, եղնի՛կ, ահա միասին լուսաւորուեցանք, ա՛լ մի նեղուիր, որ ես ալ չնեղուիմ, չէ՞ որ կաղանդ է …»:

Յետոյ մէկ շունչով շարունակեց.

-Զաւակներուդ քով պիտի չերթա՞ս:

-Անշուշտ պիտի երթամ,- ըսի:

-Ես ալ պիտի երթամ. քրոջս քով կ’երթամ, ի՞նչ ընեմ, ալ չեմ դիմանար առանձնութեան … հատէ ես եկեղեցիս երթամ աղօթեմ …

Եւ գնաց նոյն թեթեւ ու ոստոստուն քայլերով:

Քաղաքին մէջ որքա՜ն մեծ է թիւը առանձին ապրող կիներու եւ մարդոց, որոնք սովորական օրերուն առօեայ մը ստեղծեր էին իրենք իրենց համար՝ քիչ մը առտնին աշխատանք, քիչ մը այցելութիւն, քիչ մը ակումբ կամ բարեսիրական գործունէութիւն, եւ օրը իրիկուն կ’ըլլար, հեռատեսիլին առջեւ մէկ-երկու ֆիլմաշար եւ օրը կ’աւարտէր, փառք քեզ, Տէր …

Բայց հիմա՞, այս անհոսանք, անջուր, անջեռուցում ու մանաւանդ անդրամ վիճակով ի՞նչ կ’ընեն այս մարդիկը, որոնք նախապէս եթէ զիրենք հարցնող եւ իրենցմով հետաքրքրուող դրացիներ եւ բարեկամներ ունէին, այսօր ոչ ոք ունին, որովհետեւ ամէն մարդ հազիւ կրնայ հաւասարակշռութիւնը պահել ամէն օր քիչ մը աւելի փլչող առօրեային տակ:

Չերթայ ի՞նչ ընէ այս օրիորդը, որ հակառակ ամէն բանի, ճիգ կը թափէ գոնէ ինքզինք պահելու, թէկուզ իր Յիսուսին հետ խօսելով:

 ***

 Տասը գաղթողներու փոխարէն երբ ՄԷԿ վերադարձողի հանդիպիմ, կ’ապրիմ ուրախութիւնը կորսուած եւ գտնուած ոչխարին տիրոջ, անառակ որդիին հօր:

Բարեկամուհի մը Երեւանէն վերադարձեր է, մնալու որոշումով:

-Հիմակուհիմա հոս եմ,- ըսաւ հեռաձայնէն,- եւ գիտե՞ս ինչ, հիմա վիճակը շատ աւելի լաւ է, քան իմ գացած օրերուս, երբ ոչ հաց կարելի էր ճարել, ոչ պարէն …

 

***

 

Կը խնդրուի չխաչաձեւել …

-Չէի՞ք կրնար թուականը փոխել:

-Երկու ամիս առաջ արդէն թուական որոշեր էինք, դասախօս հրաւիրեր էինք, սրահ վարձեր էինք, ինչպէ՞ս փոխէինք այս բոլորը:

Նոյն Կիրակի օրուան գրեթէ նոյն ժամուն դասախօսութիւն մը կայ, նուիրուած մեր մեծ քերթողներէն մէկուն, եւ յոբելինական հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած մեր մեծ միութիւններէն մէկուն:

Առաջին անգամը չէ, որ նման խաչաձեւում կ’ըլլայ: Յաճախ եղած է: Հակառակ ասոր, մեր թերթերուն մէջ չէ եղած «կը խնդրուի չխաչաձեւել» յայտարարութեան աւանդութիւնը:

«Կը Խնդրուի … Խաչաձեւել»:

Այս ալ Սիմոն Սիմոնեանի մէկ հատորը, որ Գիրքի Ակումբին յաջորդ գիրքը պիտի ըլլայ, անգամ մը որ աւարտի հասցնենք Կոստան Զարեանի «Նաւը Լերան Վրայ» վէպը:

 

 ***

 Սուրիոյ խնդիրներուն երրորդ տարին է:

Եւ յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով շուտով տեղի կ’ունենայ Jemaran Got Talent ծրագիրը, որուն հրաւիրուեցայ որպէս ժուրիի անդամ, բայց ստիպուած մերժեցի, որովհետեւ մրցումներուն երկու փուլերուն ժամերը կը … խաչաձեւուին աշխատանքիս ժամերուն հետ:

Կացութենական այս փակուղին մտնելէ առաջ հեռուստասիրութիւնն ու թրքական ֆիլմաշարերու հետեւիլը այնքան մօտայիկ դարձած էին ոչ միայն հալէպահայ տիկիններուն, այլ մանաւանդ դպրոցական աշակերտներուն համար, որ յաջորդ օրերուն ֆիլմաշարերուն վերջին դէպքերը զբօսանքներու ընթացքին կը պատմուէին ու կը քննարկուէին տղոց կողմէ:

Հիմա՞: Բացի ելեքտրածին մեքենաներ ունեցող ընտանիքներէն, ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այլ զբաղումներ գտած է՝ օրիորդներն ու տիկինները լծուած են ձեռագործներու եւ ձեռային աշխատանքի, տղամարդիկը վերագտեր են իրենց թրանզիսթորները եւ քաղաքականութիւն «ծեծելու» եռանդը, իսկ մանր տղաքը՝ իրարու հետ խմբովին խաղալու հաճոյքը. այսինքն հոսանքի այս ժուժկալութեան մէջ – 2/24 – մոռցուեր են հեռատեսիլն ու ֆիլմաշարերը:

Եւ … Jemaran got talent.

Եթէ չըլլար մեր ներկայի կացութիւնը, այս ծրագիրը յաջողութիւն պիտի գտնէ՞ր:

Կը չափազանցեմ: Անշո՛ւշտ կրնար նոյն յաջողութեամբ ծրագրուիլ եւ  կատարուիլ տաղանդներու այս բացայայտումը: Բայց կ’ուզեմ նաեւ հաւատալ, որ այսքան ժխտականներու հետ կացութիւնը մէկ դրական ներդրում ունեցաւ մեր առօրեային:

Ժխտականներուն դրականը՝ Jemaran Got Talent …

 

***

 

 Գրեթէ ամէն օր կը հանդիպիմ ծերերու, այր թէ կին, որոնք մեծ կոյտերու առջեւ ծռած, աղբերը կը քրքրեն: Չեմ նայիր, կ’ուզեմ գետնին տակ անցնիլ եւ չտեսնել զիրենք, իրենց հաշւոյն ամօթէս ինքզինքս ատելով: Յետոյ երբ կը հեռանամ, կը սկսիմ ինքզինքս համոզել, որ անոնց փնտռածը ոչ թէ ուտելիք է, այլ կազոզի թիթեղներ, խմիչքի շիշեր եւ խաւաքարտէ տուփեր, հաւաքելու եւ որոշ գումարի մը փոխարէն վերա-օգտագործումի յանձնելու համար:

Պարապ բան է մտածածս. այդ մարդիկը առանձին ապրողներ են, անոք են, անօգ եւ անօթի:

Ե՞րբ էր մեր քաղաքին մէջ անօթի մարդ մնացեր … անօթեւան կամ անտուն մարդ: Իւրաքանչիւրը ունէր իր տունը, ու եթէ տուն չունէր, կա՛մ ծերանոց կ’ապրէր, կամ որբանոց: Մեր քաղաքը կամուրջներ չկային նաեւ անոր համար, որ կամուրջներուն տակ ապրողներ չունէինք, աշխարհի բոլոր ոստաններուն հակառակ: Ու եթէ մուրացիկներ կային, անոնք պարզապէս իրենց «աշխատանքը» կը կատարէին:

Ողբը քիչ է այսքան աւերին դիմաց, որովհետեւ անկրկնելի կոթողներու քանդումին հետ, անջնջելի պատմութիւն մը քանդելու փորձին հետ կը քանդուի նաեւ ՄԱՐԴը իր հիմերէն, իր հաւատքներուն մէջ,  իր համոզումներուն մէջ, ի տես քանակին սուտերու, որոնց ի՜նչ դիւրութեամբ ճշմարտութեան պատմուճան հագցուեցաւ եւ պոռնիկի մը պէս, որպէս կոյս ծախուեցաւ համաշխարհային շուկաներուն վրայ: Այսպիսի զաւեշտ քանի՞ անգամ կարելի է բեմադրել ու խաղալ, իրարու հարց կու տան հալէպցիք եւ տխրութեամբ գլուխները օրօրելով, կ’երթան իրենց օրուան հացին ետեւէն վազելու:

-Ծախեցի,- կը պատմէ միջին տարիքի մարդ մը քովէն քալող ընկերոջ,- կնոջս ոսկեղէնը ծախեցի. թէեւ շատ կը նեղուիմ, բայց կ’աղօթեմ, որ շուտ դուրս գանք այս կացութենէն, կրկին կ’աշխատիմ, կրկին կը գնեմ: Վախս այն է սակայն, որ ոսկեղէնը վերջանայ կացութիւնը չվերջացած. այսքան սղութեան դիմանա՞լ կ’ըլլայ: Այն ատեն ի՞նչ պիտի ընեմ, ինչպէ՞ս պիտի պահեմ զիրենք …

Կը շարունակեմ ճամբաս աւելի արագ քալելով. այսքան մտմտուքով, ընտանիքը պահելու ծանր հոգին տակ այդ մարդը կրնայ ոչ միայն առողջութիւնը, այլ եւ կեանքը վրայ տալ: Արդէն օր չանցնիր, որ Ա. Մանուկեան կեդրոնի իմ «դասարանէս» մէկ կամ երկու թաղում չլսեմ, անցնող մեռելակառքին շարականներէն դատելով.

-Նորէ՞ն թաղում …

Ժամանակին, Պէյրութի ծանր օրերուն, երբ բոլորս ալ մեր ազգական-բարեկամները մեր տուներէն ներս երկար ժամանակով հիւրընկալեցինք, անոնց պատմածները լսելով կը մտածէինք՝ չէ՜, մենք երկու շաբաթ իսկ չենք կրնար դիմանալ, եթէ նման բան պատահի …

«Նման բան»ը շատ աւելի ծանր կերպով պատահեցաւ ու մենք, ո՜վ զարմանք, կը դիմանանք, կը շարունակենք ապրիլ եւ մեր օրերուն ջանասիրաբար կը փորձենք սովորականի զգեստ հագցնել ձեռնարկներով, ելոյթներով, նշաանտուքներով եւ հարսանիքներով:

«Այնքան ատեն որ չենք մեռած, պարտաւոր ենք ապրիլ, գոնէ լաւ ապրինք» կ’ըսէր իմաստուն ծերունի մը:

Ճիշդ այդպէ՛ս:

Ժխտականներուն դրականները –

Կ’երեւի պէտք էր ձեռնարկները խափանուէին պայմաններու բերումով, որ մենք գիտնայինք անոնց յարգը եւ մեզի տուած հաճոյքը:

Հիմա ոչ մէկ ձեռնարկ ներկայութեան սակաւութենէ կը տառապի:

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.