Թրքական մամուլին համաձայն իսլամութիւն ընդունած հայ զինեալ մը սպաննուած է Սուրիոյ մէջ
1689
0
Թրքական մամուլին մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած են այն մասին, որ Երևանի մէջ ծնած Եղիշէ Կարապետեան անունով հայ մը, իսլամութիւն ընդունելէ ետք մեկնած է Սուրիա եւ մասնակից դարձած է նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ մղուող մարտերուն, եւ սպաննուած է կռիւներու ընթացքին:
՚Թուրքական «Թայմթյուրք» կայքէջը կը նշէ, որ Կարապետեանը դաւանափոխ եղած է 10 տարի առաջ՝ վերակնքուելով Ապու Մուհամատ Ալ Արմանի անունով: Ան ուխտագնացութեան մեկնած է Մեքքա, իսկ իսլամական կրթութիւնը ստացած է Եգիպտոսի մէջ: