Սահմանադրութիւնը խաղալիք չէ, որ տարին մէկ ըստ ճաշակի փոխենք, ՀՅԴ ԳՄ-ն«Նոր սահմանադրութիւն» նախաձեռնութեան դէմ է

«Մենք երկար տարիներ պայքարել ենք խորհրդարանական համակարգ ունենալու համար, ու այսօր հնին վերադարձը լուրջ յետընթաց կը լինի»: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան՝ անդրադառնալով արտախորհրդարանական 10 ուժերուն կողմէ սահմանադրական փոփոխութիւններու պահանջին:

Յիշեցնենք, որ արտախորհրդարանական 10 ուժեր համախմբուած են «Նոր սահմանադրութիւն» նախաձեռնութեան շուրջ, որուն նպատակը նոր մայր օրէնքի ընդունումն է:

Սաղաթէլեան նշած է, որ ՀՅԴ-ն դէմ է, քանի որ այդ մէկը յետընթաց կը լինի: Ըստ իրեն՝ ո՛չ հասարակական պահանջքը կայ անոր, ո՛չ ալ իմաստը:

Անդրադառնալով այդ ուժերուն այն դիտարկման, թէ Սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէն բազմաթիւ խախտումներով անցած է, ան յայտնած է. «Եթէ այդ ուժերի՝ Սահմանադրութիւնը փոխելու հիմնաւորումը այն է, որ նախորդ սահմանադրութիւնը ընդունուել է կեղծիքներով, ուրեմն վերջին երեք տարիներին՝ այսինքն` այս նոր սահմանադրութեամբ տեղի ունեցած բոլոր գործընթացները անօրինական են: Արդեօք դա այդպէ՞ս է, եւ արդեօք այդ ուժերն այդպէ՞ս են մտածում»:

Սաղաթէլեան ընդգծած է, որ ՀՅԴ-ի համար կառավարման խորհրդարանական ձեւը Հայաստանի զարգացման լաւագոյն տարբերակն է: «Մենք կարծում ենք, որ կառավարման խորհրդարանական ձեւը լաւագոյն տարբերակն է մեր երկրի զարգացման համար, եւ հենց այս սահմանադրութեան մէջ ժամանակի ընթացքում պէտք է որոշակի փոփոխութիւններ իրականացնենք այն անթերի դարձնելու համար», նշած է ան:

Իսկ թէ ի՛նչ փոփոխութիւններ, ան յայտնած է՝ օրինակ, որոշակիօրէն սահմանափակել վարչապետին լիազօրութիւնները եւ ընդլայնել խորհրդարանի դերակատարութիւնն ու վերահսկողութիւնը, այսինքն՝ վերացնել սուպեր (super) վարչապետութեան ինստիտուտը:

«Յոյս ունեմ, որ իշխանութիւններն ուշ թէ շուտ կը հասկանան դրա կարեւորութիւնը, կը դրսեւորեն այդ քաղաքական կամքը, կը գնան այդ փոփոխութիւններին, քանի որ դա բխում է բոլորի շահերից», ըսած է Սաղաթէլեան:

Հարցին ալ, թէ ամէն պարագայի, եթէ նոր սահմանադրութիւն ունենալու նախաձեռնութիւնը ընդլայնի, ի՞նչ պիտի ըլլայ իրենց կեցուածքը, ան պատասխանեց. «Թոյլ չենք տալու, հնին վերադարձ չկայ. Սահմանադրութիւնը խաղալիք չէ, որ տարին մէկ ըստ ճաշակի փոխենք»:

Ամալիա Առաքելեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.