16-րդ Յօդուածի Պատուհանը (Լոզանի Դաշնագիրին 100-Ամեակին Առիթով)

Լոզանի դաշնագիրին 100-ամեակը անպայման այժմէական նշանակութիւն կ՛ունենայ, եթէ գոյութիւն ունեցող ընդհանուր համոզում մը կարելի ըլլայ շրջել եւ ընդգծել, որ Լոզանը ոչ թէ թաղեց Հայկական հարցը, այլ նոր պատուհաններ բացաւ դէպի հայոց իրաւունքներու վերականգնումը:

Այս տեսութիւնը ընկալուած չէ անշուշտ համատարածօրէն հայ իրաւաքաղաքական միտքին համար: Սակայն երբ Թուրքիոյ վարիչները տարբեր առիթներով դէմ կ՛արտայայտուին Լոզանի պայմաններուն եւ կը խօսին Թուրքիոյ անիրաւուածութեան մասին, հայկական կողմը պարտաւոր է վերահաշուարկելու Լոզանի ընձեռած առիթները նոր ժամանակներուն մէջ օգտագործելու կարելիութիւնները: Անգարայի անհանգստութեան մէջ հայկական գործօն գոյութիւն չունի:

Լոզանը սերտօրէն առնչուած է նաեւ Յունաստանի հետ. գուցէ հիմնականին մէջ: Յունաստանի մէջ եւս Լոզանի համաձայնագիրին 100-ամեակին առիթով կայացած գիտաժողովներու ընթացքին յոյն իրաւագէտներ խօսած են Լոզանի` Յունաստանին հասցուցած հարուածին մասին եւ շեշտած, որ հայկական կողմը կրնայ նպաստաւորուիլ Լոզանի համաձայնագիրի կարգ մը յօդուածներէն:

Առանց ներքաշուելու իրաւական-մասնագիտական մեկնաբանութիւններու դաշտին մէջ, արձանագրենք, որ Լոզանը մեզի համար գլխաւոր երկու ուղղութիւն ունի:

Նախ, Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու  իրաւունքներու հարցը: Եւ ապա մեր համազգային իրաւունքներուն նկատմամբ Լոզանի ճշդած արգելափակումները կամ կարելիութիւնները:

Կրնայ առարկուիլ, որ առաջին բաժինը արդէն կ՛արգելափակէ երկրորդը, երբ հայութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւն: Խնդիրը աշխարհագրութիւնն ու ազգաբնակչութիւնը տարանջատելուն մէջ կը կայանայ, այլապէս հայութիւնը արձանագրուած կ՛ըլլայ իբրեւ ազգային  խմբաւորում մը, որ որոշ իրաւունքներ ունենալու իրաւական դրոյթներ կ՛ապահովէ:

Այստեղ եւս հարց կայ սակայն: Թուրքիան բազմաթիւ առիթներով փաստած է, որ չի յարգեր իր իրաւունքները, որոնք Լոզանով ճշդուած են: Սկսեալ փոքրամասնութիւններու ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանման իրաւապայմանագրային յանձնառութիւններէն:

Բուն հանգոյցը սակայն կը վերաբերի Լոզան-Սեւր իրաւական փոխյարաբերութեան հարցին: Ընդհանուր համոզումը, որ Լոզանով Սեւրը ընդհանրապէս ջնջուեցաւ, իրաւական մեկնաբանութիւններով կը շրջուի:

Այսպէս. Լոզանի պայմանագիրը չէ անդրադարձած հայ-թրքական սահմանին: Ասոր պատճառը այն է, որ անիկա արդէն որոշուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի անբեկանելի եւ կատարման համար պարտադիր Իրաւարար վճիռով. եւ որովհետեւ Իրաւարար վճիռով հայաստանապատկան դարձած տարածքները Լոզանի պայմանագիրով ներառուած չեն հետագային, 29 հոկտեմբեր 1923-ին, իբրեւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն ճանչցուած երկրի սահմաններուն մէջ, հետեւաբար Լոզանի մէջ Թուրքիոյ անունով ներկայացող պատուիրակութիւնը 16-րդ յօդուածով հրաժարած է անոր  տիտղոսէն եւ անոր նկատմամբ իրաւունքներէն: Լոզանի պայմանագիրի 16-րդ յօդուածի 2-րդ պարբերութիւնը կը վերահաստատէ այդ իրողութիւնը:

Սոյն յօդուածի դրոյթները չեն ներազդեր բարի դրացիական յարաբերութիւններէ բխող այն յատուկ պայմանաւորուածութիւններուն վրայ, որոնք կայացած  են կամ կրնան կայանալ Թուրքիոյ եւ սահմանակից երկիրներէն որեւէ մէկուն  միջեւ:

16-րդ յօդուածի 2-րդ պարբերութիւնը կը խօսի սահմանները յստակացնող ոչ թէ պայմանագիրի կամ համաձայնագիրի, այլ «յատուկ պայմանաւորուածութիւններու» (special arrangements) մասին, ընդ որում` Իրաւարար վճիռին:

Այս առումով, հայ իրաւագիտական միտքի կարգ մը շրջանակներ կը գտնեն, որ այսպիսով, Լոզանի դաշնագիրի 16-րդ յօդուածը վերահաստատած է  Սեւրի պայմանագիրի 89-90-րդ յօդուածներով Թուրքիոյ հրաժարումը բոլոր այն տարածքներէն, որոնք Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռով փոխանցուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան:

Նման իրաւաքաղաքական խնդիրներու շուրջ խորհրդակցութիւններ եւ քննարկումներ կայացան  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ Անթիլիասի մէջ, այս տարուան ապրիլ ամսուան աւարտին, առ ի նախապատրաստութիւն` Լոզանի համաձայնագիրի 100-ամեակին:

Պարզ է, որ ռազմաքաղաքական գործընթացներուն մէջ գոյութիւն չունի զուտ իրաւականութիւն: Կայ իրաւաքաղաքականութիւն: Անգարայի վրայ միջազգային ճնշումներու քաղաքական պահուն, կրնան որոշ ուժեր յիշել Իրաւարար վճիռը եւ այդ պարունակին մէջ անոր վերահաստատումը կատարող Լոզանի 16-րդ յօդուածը:

«Ազդակ»ի Խմբագրական

Comments are closed.