Հէնրիխ Մխիթարեանի անունը տեղ գտած է աշխարհի լաւագոյն 50 ֆութպոլիստներու ցուցակին մէջ
1254
0
ՀՀ ազգային հաւաքականի եւ Գերմանական Տորթմունտ քաղաքի «Պօրոսիա» ակումբի ռմբարկու Ֆութպոլիստ Հէնրիխ Մխիթարեանի անունը յայտնուած է աշխարհի 2012/ 13 տարեշրջանի լաւագոյն Յիսուն Ֆութպոլիստներու ցուցակին մէջ: Նշենք որ լուրը տրուած է Հայրենի Lurer.com կայքին կողմէ որ իր հերթին լրատուութեան տիրացած է Goal.com պարբերականի կայքէն որ ամէնամեայ լաւագոյն Ֆութպոլի աստղերու ցուցակ կը կազմէ:Աւարտին յայտնենք որ Մխիթարեան գրաւած է աղիւսակին 43-րդ դիրքը:
Մխիթարեան անցնող տարեշրջանին 42 մրցում կատարած է Շախտիոր Տոնեցքի շապիկով, նշանակելով 29 կոլ: