սուրիահայութեան «ԴՊՐՈՑ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ – ՀԱՒԱՏՔ, ՆՈՒԻՐՈՒՄ, ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ վարժարանները ընդհանրապէս, Հալէպի վարժարանները մասնաւորապէս 2012-2013 ուսումնական վերամուտը քաղաքական տագնապի զարգացումներուն զուգընթաց անապահովութեան մէջ դիմաւորեցին: Սովորաբար աշնանային տերեւաթափով վերամուտը աւետող հալէպեան առաւօտները, ռումբերու տարափով ահ ու սարսափ տարածեցին: Քաղաքի հրապարակներուն մէջ դպրոցական փոխադրակառքերուն փոխարինելու եկան տաղտկալի հրասայլեր, անցորդներ փամփուշտներէ ու ռումբերէ հալածական դարձան:
Կամք, յանձնառութիւն եւ հուժկու ջանքեր էին պէտք, արտասովոր այս պայմաններուն մէջ ուսումնական տարի մը սկսելու համար:
Հալէպի հայկական վարժարանները այս յանձնառութեամբ թեւակոխեցին վերամուտը, անոնք դիմագրաւելով հանդերձ նոյնանման դժուարութիւններ, զանազանուեցան իրենց աշխարհագրական դիրքին հետ կապուած վտանգներուն տարողութեամբ:
Հալէպի մէջ բախումնալից գօտիներէ հեռու, համեմատաբար աւելի ապահով շրջաններու մէջ գտնուող հայկական վարժարաններ վերամուտը սովորական ժամկէտով սկսան:
Բացի Հալէպէն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Սուրիոյ մնացեալ շրջաններուն մէջ գործող Ազգային վարժարաններու ուսումնական տարեշրջանը սկսաւ պետական կրթական նախարարութեան ճշդած ժամկէտով: Հալէպի մէջ սակայն, Ազգային Հայկազեան, Սահակեան, Զաւարեան վարժարաններն ու Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը յայտնուեցան բախումներու թէժ գիծի վրայ: Ահաւոր մարտեր ընթացան այս վարժարաններուն յարող տարածքներուն մէջ: Նոր Գիւղ շրջանին մէջ գտնուող Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի փողոցը դարձաւ անմարդաբնակ ու անանցելի, բնակարաններուն վրայ ինկած ռմբագնդակներն ու դիպուկահարներու անխնայ հարուածները տասնեակ զոհեր խլեցին, շրջանը հիմնովին զրկուեցաւ նաեւ ելեկտրական հոսանքէ:
Այս շրջաններու անապահով վիճակի լոյսին տակ Ազգ. Իշխանութիւնը մեծաթիւ աշակերտներու ապահովութիւնը վտանգելը կարմիր գիծ համարելով յետաձգեց վերամուտը, սակայն Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի 9-րդ եւ 12-րդ կարգերուն համար որդեգրեց յատուկ դրութիւն մը, նկատի ունենալով անոնց պետական քննութեանց նախապատրաստուելու անհրաժեշտութիւնը: Ճեմարանի 12-րդ կարգի աշակերտները, Սեպտեմբերի երկրորդ շաբաթէն իսկ, իրենց ուսումնական կեանքը վերսկսան`Հալէպի «Սիմոն Վրացեան» մշակութային կեդրոնէն ներս: Շաբաթ մը անց, 9-րդ կարգի աշակերտներուն ուսումնական տարին եւս ընթացք առաւ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանի կառոյցէն ներս:
Հակառակ շարունակուող դըժուարութիւններուն, մեր աշակերտութեան ուսումնական օղակաւորուած կեանքին մէջ տարուան մը բաց չձգելու եւ զանոնք դպրոցական կենսունակ առօրեայէն չզրկելու առաջադրանքէն մեկնած, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութիւնը սերտեց 2012-2013 ուսումնական տարին ձեւով մը սկսելու հնարաւորութիւնները եւ 2012-ի Դեկտեմբերին Հալէպի ազգային վարժարանները, բացի մանկապարտէզներէն, վերաբացուեցան:
Նկատի ունենալով, որ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանը, Հալէպի ազգային վարժարաններուն մէջ համեմատաբար ապահովագոյն վարժարանն էր ե՛ւ որպէս վայր ե՛ւ որպէս կառոյց, Ազգ.Վարչութեան որոշումով, Հալէպի ազգային 5 վարժարանները իրենց ուսումնական տարին սկսան Կիւլպէնկեան վարժարանի կառոյցէն ներս, ժամերու համապատասխան դասաւորումներով:
Երկրի պատերազմական աղէտալի վիճակը, յատկապէս Հալէպի մէջ գործարաններու, վաճառատուներու քանդումն ու համատարած անգործութիւնը տնտեսական անել կացութեան մատնեցին մեր ժողովուրդի զաւակները: Իրենց պարտաւորութիւններուն գիտակից, նոյնիսկ պարտաւորութիւններէն անդին անցնող նուիրատու ծնողներ, որոնք տարիներ շարունակ իրենց զաւկին կրթաթոշակին կողքին, չքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներու ամբողջացումն ալ յանձն կ՛առնէին, այս տարի կը դժուարանային արտայայտուիլ, թէ ի վիճակի չեն իրենց զաւակներուն կրթաթոշակներն անգամ ամբողջացնելու: Ազգ. Վարչութիւնը սակայն տէր կանգնեցաւ մեր ծնողներուն, ձեռք երկարեց բոլորին ու հոգատար իր վերաբերմունքին որպէս արտայայտութիւն, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի որոշումով, յարմար նկատեց 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի կրթաթոշակները չպահանջել ծնողներէն: Այս որոշումը ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ ծնողներուն կողմէ, անոնց հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին:
Կրթաթոշակները ազգային վարժարաններու եկամուտի հիմնական աղբիւրներն էին: Չմուծուած կրթաթոշակներ պիտի նշանակէին ազգային վարժարաններու նախատեսուած հըսկայ ելքերուն դիմաց չիրականացած եկամուտեր: Այսուհանդերձ Կրթական ազգային հաստատութիւններու 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի բոլոր ծախսերը հոգաց Ազգային Իշխանութիւնը, ան տէր կանգնեցաւ նաեւ ազգային վարժարաններու պաշտօնէութեան ու աշխատանքի վրայ պահեց բոլորը:
Երկրի քաղաքական տագնապն ու տնտեսական ծանր վիճակը օրերու թաւալումին հետ բարդացաւ: Ազգային Իշխանութիւնը ազգային վարժարաններու գոյերթը պահպանելու իր տարաբնոյթ աշխատանքներուն կողքին, Ազգ. երեսփոխանական ժողովին վաւերացումով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, հաստատեց «Դպրոց»կրթական հիմնադրամը, որուն նպատակն էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. վարժարաններու, յատկապէս 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի, նիւթական կարիքները բաւարարել համազգային հանգանակութիւն կազմակերպելով հալէպահայերէ, սուրիահայերէ եւ աշխարհասփիւռ հայերէ, որոնք կը հաւատան ազգային դպրոցներու առաքելութեան ու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն զօրավիգ դառնալու սուրիահայութեան գոյերթին: Հիմնադրամը ունեցաւ իր հոգաբարձութիւնը Հալէպ քաղաքին մէջ, որուն մաս կազմեցին նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէ անդամներ:
Իսկապէս հերոսական տարի մըն էր 2012-2013 ուսումնական տարին: Միայն դրուատիքով կարելի է արտայայտուիլ մեր տնօրէններուն, պաշտօնէութեան, աշակերտութեան եւ ծնողներուն մասին, որոնք ապահովական, կենցաղային, տնտեսական աննկարագրելի դժուարութիւններու մէջ, երբեմն իրենց կեանքն անգամ վտանգելով, տարին պատուաբեր արդիւնքներով լրումին հասցուցին:
Ազգ. վարժարանները յաջողութեամբ ու անփորձանք աւարտին հասցուցին ուսումնական այս տարին, ամառնային արձակուրդի շրջանին աշխատանքի անցան նաեւ մանկապարտէզները, ու խտացուած ծրագիրներով աշխատեցան փակել 2012-2013 տարեշրջանի պարտադրաբար ստեղծուած ուսումնական բացը:
Սուրիահայ վարժարաններուն երախտարժան ներդրումներով օգնութեան փութացին` ՀՕՄ-ը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինը, հայկական համայնքներն ու «Գոհար» համոյթի ընտանիքը:
Այսուհանդերձ, «Դպրոց» հիմնադրամին աջակցելու կոչուած ենք նաեւ մենք` հալէպահայերս, սուրիահայերս, երկրի տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ անգամ չզլանալով մեր կարելին տրամադրելու այս հիմնադրամին, նոյնիսկ «Այրի Կնոջ Լումային» օրինակով, որովհետեւ նուիրատուութեան երեւոյթը ինքնին, ազգային վարժարաններուն զօրակցելու մեր վճռակամութեան գործնական արտայայտութիւնն է:
Տնտեսական հնարաւորութիւններ ունեցող, երկրէն ներս թէ դուրս ապրող սուրիահայ ընտանիքներու անտարբերութիւնը այս հիմնադրամին նկատմամբ արտասովոր երեւոյթ մը պիտի ըլլայ մեր գաղութին համար: Սուրիահայ գաղութի զաւակները, տարիներու իրենց գոյերթով փաստած են, որ դժուարութիւնները ոչ միայն ակնկալիքներով, այլեւ` սեփական ճիգերով յաղթահարելու կամքն ունին: Հետեւաբար, ինչպէս համահայկական տարբեր ծրագիրներուն, նոյնպէս ալ սուրիահայութեան գոյերթի պահպանման համար, մե՛ր ներդրումները եւս, մեծ նշանակութիւն պիտի ունենան տագնապի յաղթահարման միտող աշխատանքներուն մէջ, թէկուզ երկրի պայմաններէն թելադրուած յատկանշական գումարներով:
Օրերը տխուր են, օրերը անապահով ու դժուար, սակայն հաւատքը, յոյսն ու վերականգնելու մեր հաւաքական ճիգերը, կը հաւատամ` անպըտուղ պիտի չմնան:
Զարմիկ Պօղիկեան