Ֆրանսայի Վարչապետը Ատրպէյճանէն Պահանջեց Հայաստանի Բռնագրաւուած Տարածքներէն Զօրքերը Ետ Քաշել

«Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով  «Ֆիկարօ»ն` կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի տարեկան ընթրիքին արտասանած իր խօսքին մէջ Ատրպէյճանէն պահանջեց ետ քաշել իր զօրքերը Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն:

Ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի նախագահը ի՛նք խոստովանած է, որ Ատրպէյճանի ուժերը յառաջխաղացք ունեցած են Հայաստանի տարածքի քանի մը կէտերու մէջ:

«Այսօր մեր հարցը այն է, որ օգնենք Հայաստանին՝ պաշտպանել իր անկախութիւնը, իր ժողովրդավարութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», յայտարարեց Աթալ:

Ան նաեւ շեշտեց, որ Ռուսիա կը փափաքի պատժել Հայաստանը, որովհետեւ անիկա ընտրեց անպատժելիութեան դէմ պայքարի ուղին:

Աթալ այս առումով յիշեցուց Հայաստանի՝ Միջազգային քրէական դատարանին միանալը եւ աւելցուց՝ «Հայաստան ընտրեց ժողովրդավարութիւնը եւ իրաւունքի պետութիւն ըլլալու ճամբան»:

Աթալ նաեւ քննադատեց «Ռուսիոյ ինքնագոհ կեցուածք»ը եւ շեշտեց, որ Մոսկուա չդատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ ուժի կիրարկումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր մինչեւ նախորդ տարեվերջ մեծամասնութեամբ հայեր կը բնակէին՝ աւելցնելով, որ այսպէս կոչուած ռուսական խաղաղապահ ուժերը թոյլ տուին, որ հոն մարդասիրական ճգնաժամ ըլլայ:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ արձագանգեց Ֆրանսայի վարչապետին յայտարարութիւններուն՝ ըսելով. «Ատրպէյճան կոչ կ՛ուղղէ Ֆրանսայի վարչապետին՝ վերջ տալու սադրիչ յայտարարութիւններուն»: Ան յատկապէս կ՛անդրադառնար Աթալի՝ Սեպտեմբեր 2023ին Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ձեռնարկուած Ատրպէյճանի յարձակումը դատապարտող յայտարարութիւններուն:

«Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւնները ամբողջութեամբ կը համապատասխանէին միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ այն բանաձեւերուն, որոնք ընդունուած էին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսա այդ խորհուրդի մնայուն անդամ է», ըսաւ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք Ֆրանսային՝ դասեր քաղելու իր իսկ պատմութենէն եւ չմիջամտելու Ատրպէյճանի ներքին գործերուն»:

Comments are closed.