Ռուսիա Իր Դիւանագիտական Խօսոյթին Մէջ «Զանգեզուրի Միջանցք» Եզրը Չ՛օգտագործեր

Ռուսիա կոչ կ՛ուղղէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ առաւելագոյն զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ յարձակողապաշտ հռետորաբանութենէն խուսափելու:

Այս մասին 27 Մարտին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` անդրադառնալով հայկական եւ ատրպէյճանական մամուլին մէջ տեղ գտած այն հրապարակումներուն, ըստ որոնց Հայաստան-Ատրպէճան սահմանին հետագային նոր ռազմական սրացումները հաւանական են:

«Տարածքային վէճերը եւ պահանջները պէտք է կարգաւորուին քաղաքական-դիւանագիտական տիրոյթին մէջ, որոնց կարգին միջերկիրներու հարցը պէտք է լուծել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման եւ սահմանազատման հարցերով զբաղող երկկողմ յանձնաժողովի գործունէութեան ծիրին մէջ: Մենք մեր կարգին պատրաստ ենք ցուցաբերելու առաւելագոյն օժանդակութիւն այդ գործին մէջ` մեր ունեցած բացառիկ քարտէսագրային տուեալներով», ըսաւ Զախարովա: Ըստ անոր` Ռուսիա իր դիւանագիտական խօսոյթին մէջ «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը չ՛օգտագործեր: Խօսքը երթուղիի մը մասին է, որ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները կը միացնէ Նախիջեւանի հետ Սիւնիքի մարզի տարածքով:

«Կայ փոխզիջումներու մշակման` ինքզինք արդարացուցած գործիքակազմ մը: Անիկա Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու նախագահութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբն է. Յունիս 2023ին տեղի ունեցած վերջին նստաշրջանին կողմերը մօտեցած էին փոխշահաւէտ որոշում մը տալուն՝ տարածաշրջանին մէջ տնտեսական նշանակութիւն ունեցող երթուղիներու ապաշրջափակման շուրջ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք մեր գործընկերներուն՝ քաղաքական կամք ցուցաբերելու եւ եռակողմ բանակցութիւններուն վերադառնալու», ըսաւ Զախարովա:

Պատասխանելով Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ միջոցով հացահատիկի համար բացուած միջանցքով Ուքրանիոյ զենիթահրթիռային կայաններ մատակարարելու վերաբերեալ տեղեկատուութեան ճշդման մասին հարցումին՝ ան ըսաւ, որ Քիեւին զէնք մատակարարելու մասին բոլոր տուեալները մանրակրկիտ կերպով կը ստուգուին ռուսական գերատեսչութիւններուն կողմէ:

«Մեզի համար ասիկա սկզբունքային հարց է, եւ այս պարագային չենք պատրաստուիր պետութիւնները դասակարգել այլ սկզբունքով, բացի անկէ, որ անոնց գործողութիւններէն կ՛աւելնա՞յ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն անապահովութիւնը: Ատրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս հերքեց այդ տեղեկութիւնը: Դարձեալ շեշտեմ, որ մենք երկկողմ կապի մէջ ենք թէ՛ այլ երկիրներու եւ թէ Ատրպէյճանի հետ, բացի արեւմտեան երկիրներէն: Եթէ տուեալ երկիրը հետաքրքրուած չէ Ռուսիոյ դէմ պատերազմին մէջ ներգրաւուելու հարցով, բայց զէնք կը մատակարարէ, մենք կը դիտարկենք ու կը ստուգենք բոլոր տուեալները», ըսաւ Զախարովա։

Ան նաեւ նշեց, որ միամտութիւն է կարծել, թէ Ֆրանսա պատրաստ է կամ ունակ է Հարաւային Կովկասի ապահովութիւնը երաշխաւորել։

Աւելի կանուխ Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալ յայտարարած էր, որ Ռուսիա կը փափաքի պատժել Հայաստանը իր խաղաղութեան ձգտումին, իր ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքին եւ այն սկզբունքներուն համար, զորս Մոսկուա Ուքրանիոյ մէջ կ՛անարգէ։

Comments are closed.