Ռոթ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու Անվտանգ Ապրելու Իրաւունքը Պէտք Է Բանակցութիւններուն Մէջ Կեդրոնական Նշանակութիւն Ունենայ»

Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգ ապրելու իրաւունքը պէտք է տեւական խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու կեդրոնական բաղադրիչը ըլլայ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին Երեւանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին շեշտեց Գերմանիոյ Պունտըսթակի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Միխայէլ Ռոթ:

«Եթէ մենք կը քննենք տեւական խաղաղութեան հասնելու երկու կողմերու ջանքերը, այսինքն` բանակցութիւնները, ապա այս հարցը պէտք է բանակցութիւններուն մէջ կեդրոնական նշանակութիւն ունենայ: Մենք մեծապէս կը գնահատենք Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգ ապրելու իրաւունքը: Եւ կը նկատենք, որ ասիկա պէտք է տեւական խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններու կեդրոնական բաղադրիչը ըլլայ», ըսաւ ան:

Ռոթ նախապէս ընդգծած էր, որ պէտք չէ արտօնել, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներ տեղի ունենան: Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ի՞նչը կրնայ զսպման մեքանիզմ ըլլալ` ան պատասխանեց, որ իբրեւ մեքանիզմ նախ եւ առաջ պէտք է նկատի ունենալ Ազրպէյճանի կամքն ու պատրաստակամութիւնը:

Գերմանիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահը, անդրադառնալով Քիշնեւի մէջ հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման նիւթով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի մասնակցութեամբ հնգակողմ հանդիպումին, ըսաւ. «Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ գլխաւոր դերակատարը Եւրոպական Միութիւնն է, յանձինս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի. մենք` իբրեւ երկու միջին մեծութեան եւրոպական պետութիւններ, պարզապէս մաս կը կազմենք Եւրոպական Միութեան յանձնառութեան եւ մեր համեստ նպաստը կ՛ուզէինք ունենալ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ»:

«Հայաստանեան այցելութենէն իմ տպաւորութեամբ այս հոլովոյթներուն Գերմանիոյ վարչապետի մասնակցութիւնը բաւական դրական արձագանգներ գտած է հայ հասարակութեան մէջ», ըսաւ գերմանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը:

Ըստ անոր, Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը եւ Գերմանիոյ Պունտըսթակը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն այս շրջանին մէջ խաղաղութեան ապահովման, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի մէջ տիրող կացութեան:

Ռոթ նաեւ ըսաւ. «Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ ամենեւին լաւատեսական ազդակներ չենք ստացած ազրպէյճանական կողմէն»:

«Թէեւ կը կարծենք, որ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցը ոչ միայն Հայաստանի խնդիրն է: Եւ Ազրպէյճանը նոյնպէս պէտք է մասնակից դառնայ ընդհանուր շրջանի անվտանգութեան ու խաղաղութեան հաստատման: Ասիկա առաջարկ է, որ կը ներկայացնենք կողմերուն ու կը սպասենք անոնց պատասխանին», ըսաւ գերմանացի պաշտօնատարը:

Պունտըսթակի դիւանագիտական յանձնախումբի ղեկավարը նաեւ հաստատեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւն տեղակայելու հարցին շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Պաքուի հետ:

 

Comments are closed.