Պրիւքսէլի մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին նոր գրասենեակին

Մարտ 24-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբին նոր գրասենեակին բացման արարողութիւնը, որ նշանակալի իրադարձութիւն է անոր հիմնադրութենէն՝ 2002 թուականէն ի վեր:

Ի խորհրդանշում Հայ դատի առաքելութեան օժանդակման՝ կարմիր ժապաւէնը կտրած են Մայք եւ Էվելինա Սարեանները, որոնց ընտանիքին առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ ձեռք բերուած էր նոր գրասենեակը։ Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են տասնեակ հիւրեր, որոնց կարգին՝ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի երկարամեայ բարերարներ Րաֆֆի Արսլանեան եւ Ատոմ Թենճուկեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի յանձնախումբերուն կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Եւրոպական միութեան ՀՀ առաքելութեան ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեան, պելճիքացի պատգամաւորներ, լրագրողներ, հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի, Հռոմի եւ Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Բացման արարողութեան յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին հնչած ելոյթներուն ընթացքին երախտագիտութեան խօսքեր ձօնուած են բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են եւ տակաւին կ’ունենան ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի աշխատանքներուն։ Ներկաները, շեշտելով Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակին դերը առհասարակ Հայ դատի պաշտպանութեան գործընթացին մէջ, իրենց բարեմաղթանքները յղած են գրասենեակի ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքին։

Մայք Սարեան, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, նշած է. «Իսկապէս մեծ պատիւ է Պրիւքսէլի մէջ նուիրաբերութիւն կատարել ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակին՝ ի յիշատակ մեր հօր՝ Երջանիկ Սարեանի։ Երջանիկը, որ հայերէն կը նշանակէ «երջանիկ», կը մարմնաւորէ մեր իղձը՝ այս գրասենեակին երջանկութեան աղբիւր դառնալուն բոլոր այն հայերուն համար, որոնք հաւատարիմ են Հայ դատի յառաջխաղացման ամբողջ աշխարհի տարածքին եւ յատկապէս Եւրոպայի մէջ: Մեծ յաջողութիւններ կը մաղթենք գրասենեակի անձնակազմին եւ մեր համայնքի անդամներուն, յուսալով որ աւելի շատ ձեռքբերումներ կ’ունենանք այս մռայլ օրերուն»։

ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելով Մայք Սարեանին եւ անոր ընտանիքին՝ նշած է. «Խորապէս շնորհակալ ենք պարոն Սարեանին եւ անոր ընտանիքին իրենց առատաձեռնութեան համար: Իսկապէս պատիւ է, որ մեր գրասենեակը կը կրէ յանգուցեալ Երջանիկ Սարեանի անունը: Այս գրասենեակը կը խորհրդանշէ բոլորիս տունը՝ նուիրուած հայ ժողովրդին եւ հայ ժողովրդին ծառայելուն, առաջ մղելով հայ դատի պայքարը։ Մենք հաւատարիմ ենք այդ նպատակին»:

Նոր գրասենեակին բացումը նշանակալից առաջընթաց է Հայ դատի գրասենեակին համար եւ վերջինս կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը հայկական պետականութեան առաջխաղացման եւ Եւրոպայի մէջ Արցախի ժողովուրդին հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակ

Comments are closed.