Նոր Նորքի Ոստիկանութեան Բաժինին Մէջ Ներխուժման Փորձ Մը Կատարուեցաւ

24 Մարտին, Նոր Նորքի ոստիկանութեան բաժինին մէջ կատարուեցաւ ներխուժման փորձ մը, զոր կատարած երեք անձերէն մէկը ձերբակալուեցաւ, իսկ միւս երկուքը կը գտնուին հիւանդանոցը։ Այս մասին յայտնեցին քննչական կոմիտէէն:

Կոմիտէէն նաեւ տեղեկացուցին, որ ներկայիս իրաւապահները լայնածաւալ գործողութիւններ եւ խուզարկութիւններ կը կատարեն, առանց մանրամասնութիւններ տալու։

«Ազգային-ժողովրդական Բեւեռ»ը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում մը կատարած է՝ նշելով, որ ոստիկանութիւնը կանուխ առաւօտէն խուզարկութիւն կը կատարէ Բեւեռի աջակիցներու բնակարաններուն մէջ:

24 Մարտի երեկոյեան ժամը 5ի շուրջ, 3 անձեր փորձեցին ներխուժել ոստիկանութեան վարչական շէնքը. անոնք նռնակ մը գործածեցին: Ներխուժած անձերէն երկուքը ոստիկանութեան բաժինին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով ստացած բեկորային վնասուածքներով տեղափոխուեցան հիւանդանոց: Միւս անձը վնասազերծեցին ԱԱԾ ծառայողները: Դէպքին առթիւ նախաձեռնուեցաւ քրէական վարոյթ՝ ահաբեկչութեան յատկանիշներով:  Տակաւին յստակ չէ, թէ անոնք ի՛նչ նպատակ կամ պահանջ ունէին։

Comments are closed.