Միութենական կեանքը Քեսապի մէջ 2023-ին

Քեսապի մէջ կը գործեն տասնեակի մը հասնող հայկական միութիւններ:
Անոնցմէ են՝ ՀՄԸՄ-ի, ՍՕ Խաչի, Համազգայինի, ՍԵՄ-ի, Պատանեկան Միութեան, ՀԲԸՄ-ի, Ջանից-ի եւ ՀԿՄ-ի մասնաճիւղերը, իւրաքանչիւրը իր ծրագրային թէ կազմակերպչական իւրայատկութիւններով:
Վերոյիշեալները նորութիւններ չեն Քեսապի մէջ: Անոնց կազմումը վաղ ժամանակներէն եղած է:
Օրինակ մը տալու համար միայն նշեմ, որ այս տարի՝ 2023-ին Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 95-ամեակն էր, եւ միաժամանակ անոր՝ Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի 35-ամեակը:
Այստեղ աւելորդ չեմ նկատեր արձանագրելու, որ վերոյիշեալ միութեան մասնաճիւղը այդ տօները տօնախմբեց իր կազմած «Կիլիկիա» երգչախումբին ելոյթով, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Հայր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի՝ հոգեւոր տեսուչ Քեսապի հայ առաքելական համայնքի: Իր տեսակին մէջ երգչախումբի 3-րդ ելոյթն էր երկու տարուան մէջ: Երգացանկը կ’ընդգրկէր հոգեւոր շարականներ ու հայրենասիրական երգեր:
Երգահանդէսը նախագահեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան:
Շուտով, Համազգայինի թատերախումբն ալ իր թատերախաղով բեմ պիտի բարձրանայ 2024-ին:
ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղը, իր ներմիութենական աշխատանքներէն դուրս, յաճախ հրապարակ կու գայ իր փողերախումբով, որ համ ու հոտ կ’ընծայէ հայաբոյր կեանքին, զանազան տօնական առիթներու, որոնցմէ գլխաւորը, ամէն ամառ՝ Օգոստոս ամսուն, Ս. Աստուածածնայ տօնին համա-ՀՄԸՄ-ական տողանցքին մասնակցութիւնն է:
Այս տարի եւս, ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղը ունեցաւ իր ամառնային բանակումը:
ՀՕՄ-ի՝ ՍՕ Խաչի Քեսապի եւ Գարատուրանի («Գետաշէն» եւ «Մեղրի») մասնաճիւղերը, մերթ ընդ մերթ կը կազմակերպեն ձեռային աշխատանքներու եւ քաղցրաւենիներու ցուցահանդէսներ: Անոնք աշխուժօրէն յառաջ կը տանին իրենց ներմիութենական եւ բարեսիրական աշխատանքները, ու իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն զանազան տօներու ոգեկոչումներուն:
Վերոյիշեալ մնացեալ միութիւններուն գործունէութիւնները կը սահմանափակուին իրենց ներքին գործունէութիւններուն ու հաւաքներուն մէջ: Անոնցմէ մէկ մասը իր մասնակցութիւնը կը բերէ միութենական ամառնային բանակումներուն եւ սեմինարներուն:
Ընդգծելի ու գեղեցիկ երեւոյթ է, որ մեր Քեսապի միութիւնները, անխտիր, ամէն տարի, համատեղ ու միասնաբար կը մասնակցին Ս. Վարդանանքի եւ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչումներուն ու անոնց աշխատանքներուն: Մինչ անոնցմէ ոմանք միասնաբար կը տօնեն նաեւ 28 Մայիսի հանդիսութիւնը:
Այս օրերուն Քեսապի միութիւններուն դիմագրաւած դժուարութիւններէն հիմնականը երիտասարդ եւ հմուտ մարդուժի նուազումն է: Թուական թէ որակական նահանջ, ակամայ, կեանքի դժնդակ պայմաններուն բերմամբ:
Դժուարութիւն է նաեւ տնտեսական իրավիճակի պարտադրութիւնը: Քեսապի գիւղերը աշխարհագրականօրէն բաւական հեռու են իրարմէ, աշխարհագրական այդ վիճակը, վառելանիւթի սահմանափակ ըլլալը եւ փոխադրամիջոցներու ծախսերուն տարապայման սղութիւնը պատճառ կը դառնան, որ միութիւններուն գործունէութիւնները սահմանափակումներու ենթարկուին: Բարեբախտաբար հեռուները ապրող մեր քեսապցի քոյրերն ու եղբայրները ըստ հնարաւորին սատար կը հանդիսանան, բարոյապէս թէ նիւթապէս:
Զեկուցական այս բաժինը այսքանով աւարտելով կ’արժէ ապագային համար եւս մտորումներ կատարել:
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը 2022 եւ 2023 տարիները հռչակեց «Սփիւռքի Տարի», որուն համար կայացան խորհրդաժողովներ:
Այդ հռչակագիրով կ’ընդգծուէր սփիւռքեան կառոյցները վերակազմակերպելով՝ վերաշխուժացնել:
Վերոյիշեալ դժուարութիւնները ի մտի ունենալով հանդերձ, արդարանալու փորձէ մը խուսափելով մէկտեղ հրամայական կը դառնայ հարցադրել.
– «Յաջողեցա՞նք վերակազմակերպել ու վերաշխուժացնել մեր կառոյցները». ակնարկը կ’երթայ ամէն կառոյցներուն, ի մասնաւորի երիտասարդ ուժեր համախմբող կառոյցներուն:
Վերակազմակերպել ըսելով պէտք չէ հասկնալ անոնց կազմակերպական կառոյցները փոխել ու նորը գծել. այլ անոնց աշխատանքային դաշտը, ծաւալը, ոճը… (եւ այլն), արդիականացնել, աշխուժացնել, միշտ ի մտի ունենալով սփիւռքեան թէ համահայկական իրավիճակի յարափոփոխ իրականութիւնը:
Այս հարցադրումը չի վերաբերիր միայն Քեսապի մեր կառոյցներուն այլ համասփիւռքեան կառոյցներուն, որուն մէկ փոքրիկ մասնիկը կը վերաբերի Քեսապին:
Վերակազմակերպո՛ւմ, վերաշխուժացո՛ւմ, փնտռելով նաեւ մեր կառոյցներէն դուրս մնացած, մասնագիտացած, հմտացած… համահայկական ներուժը, ի սպաս ամբողջական հայութեան եւ Հայաստան ու Արցախ հայրենիքներուն:
Կը մաղթենք, որ 2024-ի աւարտին, դրական պատասխան կը ստանան վերոյիշեալ հարցադրումները:
Ամենալաւն ու ամենաբարին 2024-ի նոր ամեակին:
Կարօ Վ. Մանճիկեան

Comments are closed.