Հորիզոնի աւագ լրագրող Տիանա Սքայա նշանակուեցաւ Լեհաստանի պետական հեռատեսիլի անգլերէն բաժանմունքի Միջին Արեւելքի լրագրող

Իսրայէլ-Պաղեստին վերջին հակամարտութեան ընթացքին, Հորիզոնի աւագ լրագրող Տիանա Սքայա նշանակուեցաւ Լեհաստանի պետական հեռատեսիլի (TVP World – Telewizja Polska) անգլերէն բաժանմունքի Միջին Արեւելքի ռազմական լրագրող։ Տիանա Սքայա «Հորիզոն»ի հետ լրագրական երկար ճանապարհ անցած է եւ կատարած հարցազրոյցներ պատմաբաններու, արուեստագէտներու, նախարարներու եւ քաղաքական դէմքերու հետ։ իր հարցազրոյցները հրապարակուած են «Հորիզոն»ի պաշտօնական կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հարթակներու վրայ։ Գանատայի մէջ աշխատակցած է CBC Radio Canada-ի Սասքաչէուանի եւ Մանիթոպայի բաժանմունքներուն։ 2019 թուականին աշխատակցած է I24 News միջազգային հեռատեսիլի կայանին՝ որպէս լրատուական խմբագրակազմի անդամ։ Թէլ Ավիվի Ռայխման համալսարանի դիւանագիտութեան եւ հակամարտութիւններու լուծման բաժանմունքի մագիստրոսի իր աւարտաճառի նիւթը եղած է Արցախեան հիմնահարցը։

Comments are closed.