Հանրահաւաք՝ Ազատութեան Հրապարակին Վրայ. Արցախցիները Կը Պահանջեն Վերադառնալ Արցախ Եւ Զիջումներ Չկատարել

Արցախէն տեղահանուած բազմաթիւ քաղաքացիներ 20 Մարտին հաւաքուեցան Ազատութեան հրապարակին վրայ` իրենց առաջարկները եւ պահանջները ներկայացնելու Հայաստանի կառավարութեան:

Հայրենիք հաւաքական գլխաւոր պահանջն վերադարձը էր: Անոնք կը պնդեն, որ իշխանութիւնը Պաքուի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին նաեւ իրենց վերադարձի հարցը պէտք է բարձրացնէ:

Արցախի ժողովուրդի կարիքներու ապահովման նախաձեռնութեան անդամ, Արցախի նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան շեշտեց, որ միայն միջազգային բարձր երաշխիքներով պատրաստ են վերադառնալու Լեռնային Ղարաբաղ:

«Իմ պատկերացումն այն է, որ պէտք է բացառել ուղղակի ադրբեջանական որեւէ տիրապետութիւն, որովհետեւ այդ տիրապետութիւնը ցեղասպանական տիրապետութիւն է, ու պէտք է լինեն միջազգային պաշտպանութեան բարձրագոյն մեխանիզմներ (գործիքակազմեր), հնարաւորինս միջազգային անվտանգութեան երաշխիքներ լինեն, ու մենք այնտեղ կարողանանք ինքնիշխան կեանք վարել», ըսաւ Բեգլարեան:

«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ան դիտել տուաւ, որ Արցախի ժողովուրդի կարիքներու ապահովման նախաձեռնութեան պահանջներէն մէկը այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները բանակցութիւններու օրակարգին մէջ ներառեն նաեւ արցախցիներու հաւաքական վերադարձի հարցը։

«Գլխաւոր նպատակը մեր հաւաքական վերադարձն է հայրենիք ու այնտեղ անվտանգ, արժանապատիւ ու ինքնիշխան կեանքը: Այստեղ նմանատիպ պահանջներ հնչելու են` ուղղուած ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը, ե՛ւ միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչներին, որ ապահովեն մեր հաւաքական վերադարձը», նշեց Բեգլարեան։

«Արցախի Ազգային ժողովի կողմից ձեւաւորուել է յանձնախումբ, որը տարբեր միջազգային դերակատարների հետ պէտք է քննարկի այն պայմանները, որոնց ներքոյ մենք տեսնում ենք վերադարձի տեսլականը: Այս պահին իրատեսական համարել մեր պահանջների ներքոյ այնտեղ վերադարձը ես չեմ տեսնում, բայց միեւնոյն ժամանակ վստահ եմ, որ մենք իրաւունք չունենք թեման փակելու կամ թոյլ տալու, որ միջազգային դերակատարները փակեն այդ թեման», ըսաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:

Տեղահանուած արցախցիները նոյնպէս շեշտեցին, որ պատրաստ  են վերադարձի, սակայն, միջազգային խաղաղապահներու ներկայութեամբ: Անոնք լուսարձակի տակ առին նաեւ ընկերային հարցերը՝ անընդունելի նկատելով կառավարութեան կողմէ տակաւին քննարկուող տեղահանուած քաղաքացիներուն բնակարաններով ապահովելու ծրագիրը, որ տակաւին մշակման փուլին մէջ է։ Բայց պաշտօնեաները արդէն յայտնեցին, որ գործադիրը կ՛ուզէ տեղահանուած ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին 3 միլիոն դրամ տրամադրել` բնակարան ձեռք բերելու համար: Որոշ յատուկ պարագաներու՝ մինչեւ 5 միլիոն դրամ:

Արցախցիները կը հաստատեն, որ առնուազն 5 միլիոն դրամ պէտք է տրամադրուի ընտանիքի ամէն մէկ անդամին, որպէսզի մարդիկ կարենան գոնէ մարզերուն մէջ բնակարան գնել: Սակայն, անոնց հիմնական պահանջը եւ առաջնահերթութիւնը «հայրենիք վերադառնալն է. այնտեղ թողել ենք հարազատների շիրիմները, նաեւ ունեցուածքն ենք կորցրել, տները»:

«Արցախեան երրորդ պատերազմում զոհուած եւ անյայտ կորած զինծառայողների հարազատների միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արմէն Ասրեան ընթերցեց նախաձեռնութեան միասնական յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը շեշտուի, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է շարունակէ Արցախէն բռնի տեղահանուած անձերուն տրամադրուող ընկերային աջակցութեան ծրագիրները, այնքան ատեն որ չէ իրականացած բնակարաններու ապահովման պատշաճ ծրագիր մը:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ ՄԱԿի արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներուն համաձայն պէտք է երաշխաւորել Արցախի մէջ հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան հանրային եւ մասնաւոր սեփականութեան պաշտպանութիւնը՝ Ատրպէյճանի միջամտութիւններէն:

«Կոչ ենք անում Հայաստանի կառավարութեանը զերծ մնալ միջազգային ատեաններում Ադրբեջանի դէմ ներկայացուած  միջպետական գանգատներից հրաժարուելու մտադրութիւններից ու գործողութիւններից: Ակտիւ (աշխոյժ) ու գործնական քայլեր ձեռնարկել միջազգային հանրութիւնից ու Սփիւռքից համապատասխան միջոցներ ներգրաւելու ուղղութեամբ` լուծելու Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովրդի միջանկեալ մարդասիրական հիմնախնդիրները` նախքան հաւաքական վերադարձի ապահովումը: Ապահովել, որ բոլոր մարդասիրական բնոյթի ծրագրերը  մի կողմից բաւարարեն Արցախից բռնի տեղահանուած ժողովրդի  կարիքները, միւս կողմից նպաստեն արտագաղթի կանխմանը, միասնութեան ապահովմանն ու ինքնութեան պահպանմանը: Հայաստանում ապահովել պայմաններ Արցախի ժողովրդի հաւաքական ինքնութեան պահպանման եւ իրաւունքների պաշտպանութեան համար: Ըստ այդմ, առաջիկայ բնակարանային ծրագիրն իրականացնելով արցախեան համայնքների պահպանման սկզբունքով», կ՛ըսուի վերոնշեալ  յայտարարութեան մէջ:

Comments are closed.