Հայ ազատագրական շարժման գաղափարախօս եւ պետական գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի Ծննդեան 140-ամեակ

Հայ ազատագրական շարժման ականաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեան ծնած է 7 մայիս 1882¬ին, Ախալքալաք: Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ մեկնած է Էջմիածին եւ ուսումը շարունակած Գէորգեան ճեմարանին մէջ: Ապա անցած է Մոսկուա` իբրեւ Լազարեան ճեմարանի ուսանող:

Մոսկուա գտնուած ժամանակ մասնակցած է ուսանողական յեղափոխական շարժումներուն եւ անդամագրուած է նորաստեղծ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

Մոսկուայէն Թիֆլիս մեկնած է 1903¬ին` Երկիր անցնելու նպատակով: Կարսի հնոցին մէջ դարբնուելէ ետք, անցած է Վան եւ Իշխանի հետ լծուած Լեռնապարի շրջանի կազմակերպումին: Այնուհետեւ ուղարկուած է Սասուն եւ նշանակուած յեղափոխական գործունէութեան ղեկավար: Գէորգ Չաւուշի հետ անցած է մարտական ուժերուն գլուխը, վերակազմած ֆետայական շարժումը ու մասնակցած հերոսական կռիւներու, որոնց գլխաւորն էր Սուլուխի կռիւը` 27 մայիս 1907¬ին, որուն ընթացքին նահատակուած է Գէորգ Չաւուշ:

Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908¬ին, Ռուբէն ընդդիմացած է յեղափոխական պայքարը դադրեցնելու մտայնութեան: 1909¬ին անցած է Վառնա եւ իբրեւ Տարօնի ներկայացուցիչն մասնակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան 5¬րդ Ընդհանուր ժողովին:

Ժողովի աւարտէն ետք ուսումը շարունակելու համար մեկնած է Ժընեւ եւ հոն մնացած մինչեւ 1913:

Կուսակցութեան հրահանգով անաւարտ ձգելով քիմիաբանութեան ուսումը` Ռուբէն վերադարձած է Տարօն` իբրեւ Դուրան¬Բարձրաւանդակի լիազօր պատասխանատու:

Առաջին համաշխարհային պատերազմը պայթեցաւ 1914¬ին, եւ 1915¬ին թրքական իշխանութիւնները ձեռնարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան:

Ռուբէն գլխաւորած է Տարօնի հայութեան եօթնամսեայ հերոսամարտը եւ գաղթական ժողովուրդին հետ անցած Արեւելեան Հայաստան:

Ռուսական 1917-ի յեղափոխութենէն ետք կազմուած է Անդրկովկասի սէյմը, եւ Ռուբէն Տէր Մինասեան Հայոց ազգային խորհուրդի կազմին մէջ ըլլալով մասնակցած է անոր աշխատանքներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, 1918¬ին, Ռուբէն Տէր Մինասեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած է եւ նշանակուած զինուորական նախարար զօրավար Արարատեանի օգնական: 1920 մայիսին, Բիւրօ¬կառավարութեան մէջ ստանձնած է զինուորական նախարարի պաշտօնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք Ռուբէն անցած է Իրան, ապա` Ֆրանսա, Լիբանան, Սուրիա եւ Եգիպտոս:

Տարագրութեան մէջ ստեղծագործած է «Հայ¬թրքական կնճիռը», «ՀՅԴ կազմակերպութիւնը» սթալինեան սահմանադրութիւնը եւ «ՀՅ Դաշնակցութիւնը», «Հայաստան միջցամաքամասային ուղիներու վրայ» եւ «Միջին Արեւելքի ժողովուրդներ եւ երկիրներ» եւ «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» (եօթը հատոր) աշխատութիւնները:

Ռուբէն մահացած է 27 նոյեմբեր 1951¬ին, Փարիզի Սէն Քլու արուարձանին մէջ:

Հերոսութիւններով ու խիզախ մաքառումներով լեցուն է Ռուբէն Տէր Մինասեանի կեանքը, զոր ան ապրեցաւ այն գերագոյն համոզումով, որ հայրենիքին ազատութիւնն ու բարօրութիւնը վեհ սկզբունք եւ գաղափար է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.