Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակը Եւրոպական Միութեան Կոչ Կ՛ուղղէ Յստակ Միջոցներու Ձեռնարկելու` Հայաստանի Ինքնիշխանութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը Պաշտպանելու Համար

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը ի գիտութիւն կ՛ընդունի Եւրոպական յանձնաժողովի 5 ապրիլի յայտարարութիւնները` ուղղուած Հայաստանի դիմակայունութեան բարձրացման տարբեր ներդրումային ծրագիրներու միջոցով, ներառեալ 270 միլիոն եւրոյի դրամաշնորհը, որ ուղղուած է փոքր եւ միջին ընկերութիւններուն աջակցելուն: Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կարեւոր կը նկատէ Եւրոպական Միութեան շեշտադրումը ենթակառուցուածքային նախագիծերուն վրայ, մասնաւորապէս` Սեւ ծովու ելեկտրահաղորդման մալուխի նախագիծի եւ վերականգնուող ուժանիւթի նախաձեռնութիւններու մասով, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի տնտեսական աճին եւ զարգացման:

Թէեւ ներդրումներն ու բարեփոխումները կարեւոր են երկրի յառաջընթացին համար, սակայն Հայաստանի առաջնահերթ մարտահրաւէրը անվտանգութեան սպառնալիքն է, որուն կը բախի Ազրպէյճանի յարձակողապաշտական եւ ծաւալապաշտական նկրտումներուն պատճառով:

Գրասենեակը Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ յստակ ազդանշաններ ուղարկելու Ազրպէյճանին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ բոլոր տարածքային յաւակնութիւնները, ներառեալ Տաւուշի մարզի այսպէս կոչուած «անքլաւներ»-ու հարցը, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի մարզով արտատարածքային փոխադրական կապուղիներու պահանջը բացարձակապէս անընդունելի են:

Ազրպէյճանի պահանջները կապ չունին սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին հետ: Ասիկա սպառնալիքի կամ ուժի կիրարկումով հողերու բռնագրաւման քաղաքականութիւն է: Ազրպէյճանը պէտք է իր ուժերը դուրս բերէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն, որ կը շարունակէ պահել բռնագրաւման տակ:

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ նաեւ նախանշելու յստակ, շօշափելի միջոցներ եւ ռազմավարական ծրագիրներ` աջակցելու Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան` հաշուի առնելով Ազրպէյճանէն եկող նախայարձակումը:

Բացի ատկէ, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակի նախաձեռնութիւնը, որով Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղուի նիւթական միջոցներ յատկացնելու Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արժանապատիւ կեցութիւն ապահովելու համար, մինչեւ որ միջազգային պաշտպանութեան գործիքակազմերու գործադրումով կարելի ըլլայ անոր վերադարձի ապահովումը դէպի Լեռնային Ղարաբաղ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան վերջին յայտարարութիւններուն վերաբերեալ նկատել տուած է. «Կայ Եւրոպական Միութեան աջակցութեան խիստ անհրաժեշտութիւն` միջազգային պաշտպանութեան ներքեւ Արցախի հայերու հայրենիք վերադառնալու հաւաքական իրաւունքի իրականացման համար: Անոնց վերադարձի ապահովումը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի կայունութեան եւ ապագային համար: Աւելի՛ն, անհրաժեշտ է, որ Եւրոպական Միութիւնը ճնշում գործադրէ Ազրպէյճանի վրայ` ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերիները: Հայ դատի գրասենեակը պատրաստ է համագործակցելու Եւրոպական Միութեան կառոյցներու եւ միջազգային գործընկերներու հետ` նպաստելու Հայաստանի Հանրապետութեան կայուն եւ բարգաւաճ ապագային»:

Comments are closed.