Եւրոպական Միութիւնը Կը Դիտարկէ Աջակցիլ Հայաստանի Բանակին՝ Ոչ Մահաբեր Զէնքերով. Դեսպան

Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս «Հայաստանի եւրոպական համարկման նոր հեռանկարները եւ մարտահրաւէրները» նիւթով Ազգային ժողովի լսումներուն ընթացքին ըսաւ, որ Միութիւնը կը դիտարկէ աջակցիլ Հայաստանի զինուած ուժերուն՝ ոչ մահաբեր զէնքեր մատակաարելու գծով:

«Խօսքը էական աջակցութեան մասին է, որպէսզի կարենանք ուժեղացնել կարողութիւնները», նշեց Մարակոս:

Ըատ անոր՝ ասիկա կը վերաբերի Եւրոպական խաղաղութեան գործիքակազմի շրջանակներուն:

«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ բոլորովին յանձնառու մնալ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման եւ կարգաւորման հարցին, ներառեալ՝ այն հանդիպումներուն, զորս կազմակերպած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահը», շեշտեց Մարակոս:

Անցեալ Նոյեմբերին, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը յայտարարած էր, որ Միութիւնը պիտի ուսումնասիրէ եւրոպական խաղաղութեան ծիրին մէջ Հայաստանի զինուած ուժերուն ոչ-մահաբեր ձեւաչափի աջակցութիւն տրամադրել:

Comments are closed.