Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Քուէարկութեան Դրուած Բանաձեւով Կ՛առաջարկուի Սերտել Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Թեկնածութեան Կարելիութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանի Մարտ 13-ի նիստին քուէարկութեան դրուած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կապերու սերտացման, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւ:

Փաստաթուղթը, որ հեղինակած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութիւնը, կը ներկայացուի իբրեւ բոլոր խմբակցութիւններու միացեալ նախաձեռնութիւն:

Բանաձեւի նախագիծին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները մասնաւորաբար կ՛առաջարկեն դիտարկել Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու կարելիութիւնը:

«Եթէ Հայաստանը շահագրգռուած ըլլայ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալու համար եւ շարունակէ իր ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող կայուն բարեփոխումներու ուղին, ատիկա կրնայ հիմք հանդիսանալ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ փոխակերպման փուլի համար», նշուած է Եւրոպական Միութեան օրէնսդիր մարմինի երեսփոխաններու միացեալ բանաձեւի նախագիծին մէջ:

Երեսփոխանները Եւրոպական դաշինքի գործադիր իշխանութիւններուն` յանձնաժողովին եւ խորհուրդին կոչ կ՛ուղղեն` աշխուժօրէն աջակցելու Հայաստանին Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան ընդլայնման գործին մէջ` ոչ միայն տնտեսական գործընկերութեան, այլ նաեւ քաղաքական երկխօսութեան, անվտանգութեան, մարդոց միջեւ հաղորդակցութիւններու եւ տնտեսական մարզերու համարկման ոլորտներուն մէջ:

Comments are closed.