Գառնիկ Դանիէլեան. «Փաշինեան Այգեպարցիներուն Յայտնած Է, Որ 4 Գիւղերը Պէտք Է Անյապաղ Յանձնել, Այլապէս` Պատերազմ Պիտի Ըլլայ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ անակնկալ այցելութիւն տուած է Տաւուշի մարզ: Այցելութեան մասին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Տաւուշի Մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Դանիէլեան ընկերային ցանցի վրայ գրառում կատարած է եւ նշած, որ Փաշինեան Ոսկեպար համայնքին մէջ հանդիպում մը ունեցած է բնակիչներուն հետ` մարզպետին, Նոյեմբերեան խոշորացուած համայնքի ղեկավարին եւ քանի մը գիւղերու վարչական ղեկավարներուն ներկայութեամբ: Նշեալ հանդիպումին ներկայ չեն եղած զանգուածային լրատուութեան ներկայացուցիչները: Հանդիպումին մասնակից մարդոց ձեռքէն հաւաքած են հեռաձայնները եւ այլ իրեր: Անիկա անցած է թէժ մթնոլորտի մէջ:

Ըստ Գառնիկ Դանիէլեանի, հանդիպման ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած է, որ 4 գիւղերը պէտք է անյապաղ յանձնել Ազրպէյճանին, այլապէս պատերազմ պիտի ըլլայ, Ազրպէյճանը ուժով պիտի գրաւէ, իսկ մենք չենք կրնար դիմակայել:

Հանդիպումին մասնակիցները հարցում ուղղած են, թէ արդեօք այդ գիւղերուն յանձնումով Ազրպէյճանին պիտի չանցնի՞ նաեւ միջպետական ճամբան, ատոր իբրեւ հետեւանք ո՞ւր պիտի յայտնուին ազրպէյճանցիները, եւ արդեօք երաշխաւորուի՞ ատով, որ պատերազմ պիտի չըլլայ:

Փաշինեան պատասխանած է, որ չի կրնար երաշխաւորել, այլ կրնայ ընդամէնը յուսալ, որ պիտի չըլլայ պատերազմ եւ պիտի փորձէ այնպէս ընել, որ այդ ճանապարհները անվտանգ ըլլան:

Գառնիկ Դանիէլեան նաեւ գրած է, որ գիւղացիները բաւական սուր հարցեր ուղղած են Փաշինեանին` փորձելով հասկնալ, թէ, ի վերջոյ, ազրպէյճանցիները ո՞ւր կանգ պիտի առնեն: Փաշինեան պատասխանած է, որ պիտի աշխատին գոյութիւն ունեցող ճամբաներուն փոխարէն այլընտրանքային ճամբաներ կառուցել եւ այլն:

Comments are closed.