Արցա՛խ Մեր Տուն. Հաւատք, Յոյս, Սէր եւ Մկրտութիւն

Նայիրի Մկրտիչեան

Արցախցի Լուսինէն ծնած է Մարտունի, հարս գացած է Ստեփանակերտ, իսկ փոքրիկ աղջնակը`Աննան, մկրտած է Շուշիի մէջ։ 2023-ի պատերազմի բռնի տեղահանումէն ետք՝ ընտանիքով նախ եկած են Տաշիր, ապա՝ հաստատուած Գիւմրի։ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ իրականացած «Արցա՛խ մեր տուն» ծրագրի ծիրէն ներս, երբ Հայաստան ժամանած ներկայացուցիչներուն հետ այցի գացինք Գիւմրի, արցախցիներու հետ հանդիպման աւարտին, Լուսինէն եւ իր տալը մօտեցան Հայր Գեղարդին՝ խնդրելով աջակցիլ, որ իրենց երեխաները մկրտուին…

Յարմարագոյն առիթը մանուկներու օր հռչակուած Ծաղկազարդի Կիրակին էր. նոյն մեծ ընտանիքի չորս երեխաները (եղբայրներ ու զարմիկներ) Ռոպերթը, Կարապետը, Սամուէլը, Էրիկն ու անոնց հօրաքոյրը՝ Գայիանէն, մկրտուեցան Գիւմրիի Եօթ Վէրք եկեղեցւոյ մէջ։ Խուռներամ բազմութիւնը ճեղքելով՝ մտանք առանձնացած փոքր մկրտարանը, ուր հարազատներու ներկայութեամբ եւ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանին հովանաւորութեամբ` տեղի ունեցաւ հինգ արցախցիներու մկրտութեան արարողութիւնը։

Լուսինէն շատ կ’ուզէր իր տղան՝ Ռոպերթը, Արցախի մէջ մկրտել, բայց վրայ հասաւ պատերազմը, եւ ընտանիքով եկան ու հանգրուանեցին Գիւմրի։ Ներքին ձայն մը Լուսինէին միշտ յուշած է իր տղան մկրտելու մասին. «Գիւմրիի երկրաշարժից փրկուած Եօթ Վէրք եկեղեցիի մասին շատ էի լսել, դրա համար երբ հասանք Գիւմրի, ներքին ձայնս միշտ ինձ ասում էր, որ տղայիս այստեղ մկրտեմ։ Երբ Հայր Գեղարդը տեսայ, ես ու տալս իրեն դիմեցինք` խնդրելով, որ այդ հարցով մեզ աջակցի, եւ փառք Աստծոյ, այսօր ցանկութիւնս ի կատար ածուեց», ըսաւ Լուսինէն ու ցաւով յայտնեց, թէ խորհրդային տարիներուն հաւատքը մէկ կողմ դրուած էր, եւ Արցախի ա՛յդ սերունդը չէ մկրտուած։ «Ինիսունականներից յետոյ, երբ եկեղեցիները սկսեցին գործել, ժողովուրդը նոր կամաց-կամաց կարծես դարձի եկաւ, երիտասարդները մկրտուեցին, բայց տարէցները այնպէս էլ եկեղեցի չմտան։ Երբ եկեղեցու կողքով անցնում էինք, մօրս ասում էի արի մտնենք, մոմ վառենք, ասում էր հաւատք պիտի լինի, որ մտնենք…»

Երեխաներու հօրաքոյրը՝ Գայիանէն, Արցախի Խաչմաչ գիւղէն է, միշտ ցանկութիւն ունեցած է մկրտուելու, երբ իր զարմիկներուն մկրտուելու առիթը ստեղծուեցաւ, ինք նոյնպէս միացաւ անոնց եւ դրոշմուեցաւ սուրբ միւռոնով։

Ցաւով պէտք է նշել, որ առ այսօր, մեծ է թիւը չմկրտուած արցախցիներու, եւ շատ անհրաժեշտ է միջոցներ ձեռնարկել՝ խթանելու անոնց մկրտութիւնը…

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, երկու ուրախ առիթները՝ մկրտութիւնն ու Ծաղկազարդը, նշելու համար ուղղուեցանք «Միասին» կազմակերպութեան «Ալամեզոն» կեդրոն, որուն տնօրէնուհի Սաթենիկ Յովհաննէսեանի հետ համագործակցելով՝ իրականացուցինք այս նախաձեռնութիւնները։

ՀԱՅԿԱՇԽԱՐՀ-ի նախաձեռնութեամբ, յիշեալ կեդրոնի 25 արցախցի երեխաներու համար կազմակերպուեցաւ Ծաղկազարդի տօնակատարութիւնը՝ արցախցի ArmAr-ի պատրաստած օրուան յատուկ կրկնեփուկներով, կեդրոնին կողմէ մատուցուած Արցախի խորհրդանիշներէն մէկը դարձած ժինկալի հացով ու Ծաղկազարդին նուիրուած երգերով։ Աւարտին՝ երեխաները ստացան Արեւելեան ԱՄՆ-ի ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ յատկացուած գրենական պիտոյքները։

Այս արարողութիւններուն մէջ կը ճառագայթէր նաեւ միասնութեան գաղափարը. Արցախ, Հայաստան, Սփիւռք միասնութեան հաւաքական ուժը՝ տարբեր կառոյցներու համագործակցութեամբ, ճառերէն անցած ու դարձած էր իրականութեան մարմնաւորում…

Comments are closed.