Ատրպէյճանցիները Կրակ Բացին Չինարիի Եւ Շորժայի Հայկական Դիրքերու Ուղղութեամբ

5 Ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5։05ին, Չինարիի (Տաւուշի մարզ), իսկ ժամը 5:30ին Վերին Շորժայի (Գեղարքունիքի մարզ) հատուածին մէջ Ատրպէյճանի բանակը հրաձիգներով կրակ բացաւ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ։ Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը:

Նոյն ժամանակ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ հերքեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան հաղորդագրութեան տեղեկութիւնը այն մասին, թէ 5 Ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 5:25ի շուրջ, Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, իբր թէ կրակ բացին սահմանագօտիի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ զայն որակելով «հերթական ապատեղեկատուութիւն»:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշեց, թէ ժամը 3:10էն 5:35 Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները «հետագայ սադրանքներու նախապատրաստուելու նպատակով փորձեցին ամրակայման աշխատանքներ իրականացնել` ատրպէյճանական բանակի դիրքերուն դիմաց»:

«Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած անյետաձգելի քայլերուն իբրեւ արդիւնք աշխատանքը անմիջապէս դադրեցաւ», կը նշուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Comments are closed.