Ատոմ Էկոյեան կ’արժանանայ Համազգայինի շքանշանին

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, Համազգայինի շքանշանին արժանացած է գանատահայ նշանաւոր բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը։

Առ այդ՝ կիրակի, 17 մարտ 2024-ին, Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած «Ճաճանչներ» խորագրեալ հանդիսութեան ընթացքին, ձեռամբ՝ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի եւ ընկերակցութեամբ՝ վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Տօնապետեան Գուզուեանի, Համազգայինի շքանշանին արժանացաւ համաշխարհային ճանաչում գտած բեմադրիչ, ֆիլմի միջազգային փառատօններու դատական կազմի անդամ, ֆիլմարուեստի, թատրոնի եւ օփերայի աշխարհին մէջ բազմաթիւ յատկանշական մրցանակներու դափնեկիր Ատոմ Էկոյեանը։

Գնահատելով Էկոյանի արուեստը՝ հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուի․ «Ատոմ Էկոյեանը իր իւրայատուկ դրոշմը ձգած է համաշխարհային ֆիլմարուեստի աշխարհին մէջ՝ շնորհիւ իր շօշափած բարդ նիւթերուն եւ ինքնուրոյն տաղանդին։ Էկոյեանը միաժամանակ ողջունելի գործակցութիւն ցուցաբերած է Համազգայինի Գանատայի կառոյցին, յատկապէս ի նպաստ «Նուռ» ֆիլմի փառատօնի յաջողութեան»։

Համազգայինի շքանշանը բարձրագոյն պատիւն է, որ կը շնորհուի միութեան Կեդրոնական վարչութեան կողմէ անհատներու, որոնք երկարատեւ եւ շօշափելի ներդրում ունեցած են մշակոյթի բնագաւառէն ներս, նաեւ՝ երախտաշատ համազգայնականներու եւ բարերարներու, որոնք իրենց երկարամեայ որոշիչ դերակատարութիւնը ունեցած են ի նպաստ Համազգայինի նպատակներուն եւ վերելքին։

«Մշակոյթի եւ արուեստի զարգացման ու հարստացման քայլերուն մէջ ԱտոմԷկոյեանի կնիքը անկասկած իր տեւական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հայկական մշակոյթին եւ համաշխարհային արուեստի միաբանութեան վրայ», կը նշուի հաղորգրութեան աւարտին։

Comments are closed.