Ամբողջական Հայաստան, Արդար Հատուցում. Սեւրի 100-ամեակ
2232
0
Սեւրի Դաշնագիրին եւ Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռին 100ամեակին նուիրուած այս գրքոյկը պատրաստուած է Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի կողմէ:
Գրքոյկը մատչելի կերպով կը միտի իրազեկել հայ երիտասարդութեան այս երկու անկիւնաքարային եւ անժամանցելի միջազգային փաստաթուղթերուն մասին:
Գրքոյկին մէջ յատուկ լուսարձակի տակ կ՛առնուին հետեւեալ հարցադրումները՝
–Ինչպէ՞ս ստորագրուեցան Սեւրի Դաշնագիրը եւ Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռը:
-Որո՞նք են Սեւրի Դաշնագիրին հայանպաստ յօդուածները:
-Ի՞նչ է բովանդակութիւնը Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռին:
–Ի՞նչպէս փաստարկել այս երկու փաստաթուղթերուն վաւերականութիւնը:
-Որո՞նք են Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները:
եւ վերջապէս՝
-Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱՅՍՕՐ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ
Ներբեռնել
https://www.arfd.am/library/29018/