Ամբողջական Հայաստան, Արդար Հատուցում. Սեւրի 100-ամեակ

Սեւրի Դաշնագիրին եւ Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռին 100ամեակին նուիրուած այս գրքոյկը պատրաստուած է Հ. Յ. Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի կողմէ:

Գրքոյկը մատչելի կերպով կը միտի իրազեկել հայ երիտասարդութեան այս երկու անկիւնաքարային եւ անժամանցելի միջազգային փաստաթուղթերուն մասին:

Գրքոյկին մէջ յատուկ լուսարձակի տակ կ՛առնուին հետեւեալ հարցադրումները՝

Ինչպէ՞ս ստորագրուեցան Սեւրի Դաշնագիրը եւ Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռը:
-Որո՞նք են Սեւրի Դաշնագիրին հայանպաստ յօդուածները:
-Ի՞նչ է բովանդակութիւնը Ուիլսընի Իրաւարար Վճիռին:
Ի՞նչպէս փաստարկել այս երկու փաստաթուղթերուն վաւերականութիւնը:
-Որո՞նք են Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքները:

եւ վերջապէս՝

-Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԱՅՍՕՐ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ

Ներբեռնել

Ամբողջական Հայաստան, Արդար Հատուցում. (Սեւր 100)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.