Ալիեւ Ուղղակիօրէն Յայտարարեց, Որ Խաղաղութիւնը Կարելի Է, Եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Փոխուի

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հաստատեց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին զրոյցներու ետին Պաքուի պայմաններուն գոյութիւնը՝ յայտարարելով. «Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ միւս փաստաթուղթերուն մէջ փոփոխութիւններու պարագային կարելի պիտի ըլլայ խաղաղութեան հասնիլ»:

Միջխորհրդարանական միութեան նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին Ալիեւ պնդեց, որ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տէ ֆաքթօ խաղաղութիւն է եւ արդէն քանի մը ամիս է, որ երկու երկիրներու սահմաններուն հանդարտ իրավիճակ կը տիրէ»: Ան աւելցուց, որ գործընթացը իր տրամաբանական աւարտին հասցնելու համար պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել:

Սակայն Իլհամ Ալիեւ հաստատեց, որ Հայաստան ռազմականացման քաղաքականութիւն կը վարէ եւ անոր զուգահեռ «աշխարհաքաղաքական խարդաւանքներու նախաձեռնող է»:

Ան նաեւ Ֆրանսան խիստ քննադատութեան ենթարկելու առիթը չփախցուց՝ պնդելով, որ այդ երկիրը կ՛ուզէ՝ «հարաւային Կովկասի մէջ առաջատար դերակատարութիւն ստանձնել եւ ամրապնդել իր դիրքերը: «Ֆրանսայի այդ ջանքերը, սակայն, ապարդիւն են», յայտնեց Ալիեւ:

Ան նաեւ քննադատեց եւրոպական կառոյցները՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին՝ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները չհաստատելուն համար: «Եթէ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ատրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները չվերականգնին, Ատրպէյճան պիտի վերանայի Եւրոպայի խորհուրդին եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին իր մասնակցութիւնը», պնդեց ան:

Հայաստանի ընդդիմութիւնը օրերէ ի վեր կը պնդէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնը Պաքուի պահանջով կ՛ուզէ որդեգրել նոր Սահմանադրութիւն մը, որուն թիրախը Անկախութեան հռչակագիրն է, որուն մէջ յիշատակում կայ Արցախի եւ Հայաստանի վերամիաւորման մասին:

Իշխանութիւնը կը հերքէ, որ դուրսէն այդպիսի պարտադրանք կայ: Սակայն, Ալիեւ արդէն բացէ ի բաց խօսեցաւ այս մասին եւ իր դժգոհութիւնը արտայայտեց:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան կը կասկածի, որ Հայաստան վճռական «ոչ» պիտի ըսէ Ատրպէյճանի պահանջին:

«Եթէ ադրբեջանական պահանջը, իսկ դա այդպէս է, եւ թուրքական պահանջը հիմա վերաձեւակերպուած է, որ հայ ժողովուրդը պէտք է հրաժարուի իր պատմական անցեալից, իր անժամանցելի իրաւունքներից, նոյնիսկ հազար անգամ եթէ դու համոզուած ես, քո ներքին համոզումով, որ դա լաւ բան է, չպէտք է անես: Որովհետեւ դու եթէ քո թշնամու ասածը անում ես, նշանակում է՝ դու ենթարկւում ես իր խաղի կանոններին»,  «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Մինասեան:

Comments are closed.