Ստեփականերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորումը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, Մայիս 7-ին, Ստեփանակերտի մէջ, Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինք» ֆորում՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան իրաւապայմանագրային յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու օրակարգով։

Ֆորումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի քաղաքական, ռազմական, փորձագիտական, հանրային շրջանակները ներկայացնող մի քանի տասնեակ կողմնակիցներ։

Ֆորումի կազմակերպմամբ պիտի ազդարարուին երկու հայկական պետութիւններուն միջեւ համապարփակ համագործակցութեան համաձայնագիր կնքելու գործընթացի մեկնարկը։ Ֆորումը պիտի առաջացնէ հռչակագիր, կեանքի պիտի կոչէ կազմկոմիտէ, որ պէտք է կազմակերպէ համահայկական ստորագրահաւաք՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստան-Արցախ ռազմավարական դաշինքի։

Նման նախաձեռնութիւն նպատակ ունի նաեւ նոր ազդակ հաղորդելու Արցախի քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.