Սուրիահայութիւնը Նոր Փուլի Մը Սեմին

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Սուրիահայ կեանքի վերջին քանի մը ամիսները յատկանշական խորհուրդներ կը պարունակէին տարբեր մակարդակներու վրայ:

29 Մարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին այցելութիւնը եւ այդ առիթով Սրբոց Քառասնից Մանկանց վերանորոգուած Մայր եկեղեցւոյ վերօծումը հալէպահայութեան հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացման ազդակ հանդիսացաւ:

14 Մայիսին, Սուրիոյ նախագահական ապարանքին մէջ Նորին Սրբութեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հանդիպումը նախագահ Պաշշար ալ Ասատի հետ, առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Սուրիոյ այժմու կացութեան ու հայ համայնքին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագրեր։ Հանդիպումին հաստատուեցաւ, որ Սուրիոյ հայ համայնքը կառչած կը մնայ Սուրիոյ եւ պատրաստակամ է մասնակցելու երկրի վերականգնումի աշխատանքներուն: Միւս կողմէ Սուրիոյ նախագահը հայութիւնը վստահելի տարր համարելով կոչ ուղղեց սուրիահայերուն, որոնք պայմաններու բերումով հեռացած են երկրէն, շուտով վերադառնալու ու վերականգնելու իրենց տուներն ու գործատեղիները, միշտ վստահեցնելով, որ Սուրիոյ հայ համայնքը պիտի շարունակէ վայելել պետութեան զօրակցութիւնը։

Ուրբաթ, 24 Մայիսին հրաժեշտի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Գաւազանագիրքի 61-րդ Առաջնորդին՝ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, որ անցնող տասնհինգ տարիներուն ամբողջական նուիրումով, բեղուն աշխատանքով, յատկապէս պատերազմի տարիներուն իր հօտին կողքին մաքառելու վճռակամութեամբ ծառայեց Բերիոյ Հայոց Թեմին:

1-4 Յունիսին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հալէպ, ապա նաեւ Սուրիոյ այլ շրջաններ այցելելով, յարանուանութիւններու, Ազգային իշխանութեան եւ զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումներ ունենալով յայտնեց, թէ ՀՅԴ Բիւրօն զօրավիգ կը կանգնի սուրիահայութեան վերակագնումի աշխատանքներուն:

Այս միջոցին թափ առին վերակառուցման աշխատանքները, վարժարաններ, եկեղեցիներ, միութենական կեդրոններ ու երիտասարդական սրահներ վերանորոգուեցան ու արդիական սարքերով օժտուեցան:

2 Յունիսին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի 166-րդ նիստը միաձայնութեամբ թեմի 62-րդ Առաջնորդ ընտրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան՝ Գերշ. Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեանը:

Հալէպահայութիւնը նորընտիր Առաջնորդը դիմաւորեց Չորեքշաբթի, 12 Յունիսին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Նոր շրջան մը կը բացուի սուրիահայութեան դիմաց, յետպատերազմեան վերականգնումի անկիւնադարձային շրջան մը:

Շրջան մը, որ պէտք է արժեւորել գործով, գործելու նոր որակով: Այդ որակին ապահովումը նոյնքան կարեւոր է, որքան աշխատանքը ինքնին:

Մեզի անհրաժեշտ է այդ որակը՝ թօթափելու վշտալի օրերու ցաւն ու տագնապը, վերականգնելու սուրիահայութեան ներսուրիական, ազգային եւ համահայկական դերը, նորոգուող կառոյցները արժեւորելու որակեալ աշխատանքով… Ու որքան աշխատանքին ու անոր որակին, նոյնքան ալ աշխատանքի արդիւնքին կարեւորութիւն ընծայելով, միասնակամութիւնը ձեւականութեան ու դիւանագիտական հանդիպումներու սահմաններէն դուրս բերելով եւ երիտասարդ տարրին վստահելով նոր գործելաոճի, նոր միտքի խիստ կարեւոր ներմուծումը ճակատագրական այս փուլին:

Սուրիահայութիւնը պատերազմի ծանր տարիները պատուաբեր պայքարով յաղթահարեց ու կանգուն մնաց: Կանգուն մնալով զօրացաւ անոր դիմադրողականութիւնը: Ուստի, այդ ներուժը ի սպաս դնելով մեր համայնքի ակնկալելի զարթօնքին, միասնաբար սատարենք սուրիահայութեան վերելքին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.