ՊՐԻՒՔՍԵԼԵԱՆ ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆ ՈՒ ՌՈՒՍԻՈՅ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

22 մայիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ Փաշիեան-Ալիեւ հանդիպումը։ «Քննարկումը բաց էր եւ արդիւնաւէտ, մենք քննարկեցինք հարցերու ամբողջ շրջանակ մը: Մանրամասն կերպով քննարկեցինք մարդասիրական խնդիրները, ներառեալ ականազերծման, ձերբակալուածները ազատ արձակելու ջանքերը եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրները: Հետեւեալ արդիւնքներուն հասած ենք. յառաջիկայ օրերուն միջպետական սահմանին վրայ տեղի պիտի ունենայ սահմաններու հարցով միացեալ յանձնախումբերու առաջին հանդիպումը, անիկա պիտի քննարկէ սահմանագծման եւ սահմանային անվտանգութիւնը լաւագոյնս ապահովելու առնչուած բոլոր հարցերը», ըսաւ Միշէլ:

«Ղեկավարները համաձայնած են, որ անհրաժեշտ է ապաշրջափակել փոխադրամիջոցային կապերը, եւ համաձայնած են, թէ ի՛նչ սկզբունքներով պիտի կատարուի տարանցումը` Արեւմտեան Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր հատուածներէն դէպի Ազրպէյճան, ինչպէս նաեւ, թէ ինչ սկզբունքով պիտի կատարուին երկու երկիրներու հաղորդակցութեան ուղիներու եւ ենթակառոյցներու միջոցով միջազգային փոխադրումները: Յատկանշական է, որ անոնք համաձայնած են սահմանային վարչարարութեան, անվտանգութեան սկզբունքներուն եւ տարանցման տուրքերուն շուրջ», նշեց ան:

Նոյն ձեւաչափով նախկին պրիւքսելեան հանդիպումը տեղի ունեցած էր 6 Ապրիլին, եւ Ռուսիան օրին ողջունած էր զայն, որովհետեւ քննարկուած բոլոր նիւթերը համահունչ են 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի յունուար 11-ի եւ նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն։ Անոնք այսօր եւս համահունչ են։ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան եւս ողջունած էին 6 ապրիլի հանդիպումը։ Վերջիններս ողջունեցին նաեւ 22 Մայիսի հանդիպումը, սակայն Ռուսիոյ արձագանգը այս անգամ տարբեր եղաւ։

Պատճառը հանդիպման ընթացքին գոյացած շօշափելի արդիւնքներն էին։ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է շարունակելու եռակողմ հանդիպումները՝ նախատեսելով նմանատիպ հանդիպում կատարել Յուլիսին կամ Օգոստոսին։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է «յառաջիկայ օրերուն» գումարելու Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ սահմանային յանձնախումբերու առաջին միացեալ նիստը։ Նշեալ հանդիպումը տեղի ունեցաւ երկու օր ետք՝ 24 Մայիսին եւ կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին երկրորդ հանդիպումը կատարել Մոսկուայի մէջ, երրորդը՝ Պրիւքսելի մէջ։ Միշէլ հանդիպումը կոչեց «շօշափելի յառաջընթաց»։

Ռուսիոյ արձագանգը չուշացաւ։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց.«Մենք կը տեսնենք բարձր մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւններու իրականացման հոլովոյթին մէջ մխրճուելու` Եւրոպական Միութեան յամառ փորձերը»:

Ան նշեց, որ Մոսկուան կը յուսայ, որ Պրիւքսելը պիտի օգնէ իրականացնելու Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւնները, եւ ոչ թէ պիտի փորձէ աշխարհաքաղաքական խաղեր խաղալ: Այլ խօսքով՝ Ռուսիան մտահոգ է, որ Եւրոպական խորհուրդը՝ Ուքրանիոյ հակամարտութեան լոյսին տակ հաւանաբար Միացեալ Նահանգներու քաջալերանքով ու աջակցութեամբ կ’ուզէ իրմէ խլել Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին կշռոյթը ճշդող «խմբավար»-ի դերը։ Հայկական կողմին համար ողբերգութիւնն այն է, որ երկու կողմերն ալ համաձայն են «մատուցուող» ոչ հայանպաստ «յօրինում»- ին եւ տարակարծութիւնը պարզապէս անոր ղեկի ստանձնման շուրջ է։

Պարզ է, որ ռուսական կողմին համար վիրաւորական է 24 Մայիսին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ սահմանային յանձնախումբերու առաջին միացեալ նիստի ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնը, թէ յանձնախումբերու երկրորդ հանդիպումը պիտի կատարեն Մոսկուայի մէջ, իսկ երրորդը՝ Պրիւքսելի մէջ։ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան հեղինակը՝ Մոսկուան է՝ աւելի ճիշդ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ այժմ փորձ կը կատարուի՝ ձեւական հանդիպում մըն ալ Մոսկուայի մէջ կատարելով Ռուսիոյ «քիթին խնդալ» եւ եզրափակումի հանդիպումը կատարել Պրիւքսելի մէջ։

Արեւմուտքի այս փորձը դատապարտուած է ձախողութեան՝ առաջին հերթին գործնական պատճառներով. ռուս քաղաքագէտ Սթանիսլաւ Թարասով 24 Մայիսին՝ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ սահմանային յանձնախումբերու առաջին միացեալ նիստի օրը «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի ընթացքին դիպուկ կերպով նշեց, որ նոյնիսկ եթէ սահմանազատումն ու սահմանագծումը իրականացուի պրիւքսելեան միջնորդութեամբ, առանց ռուսական քարտէսներուն ատիկա կարելի պիտի չըլլայ։ «Այսինքն՝ հոլովոյթին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը անխուսափելի է։ Ի՞նչ իրենք Պարսկական կայսրութեան քարտէսները պիտի առնեն ու ատո՞վ սահմանագծում կատարեն։ Անհեթեթութիւն է», ընդգծեց ան։

Գործնականին այդ արգելքին վրայ կարելի է աւելցնել Գիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանի եւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան իրողութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ, մասնաւորաբար  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ ունեցած քաղաքական ու տնտեսական ազդեցութիւնը։

Պարանաձգութիւն սկսած է, աւելի ճիշդ, հրապարակային ու բացայայտ դարձած է։ Ուքրանիոյ հակամարտութեան լոյսին տակ ծաւալած Ռուսիա-Արեւմուտք բուռն ճակատումին պայմաններուն մէջ երկու կողմերը պիտի կարողանա՞ն Հարաւային Կովկասի հարցին շուրջ փոխզիջումնային համաձայնութիւն մը գոյացնել. հաւանաբար ոչ։ Այդ պարագային կողմերէն մէկը հարցը ինքնագլո՞ւխ պիտի լուծէ, թէ՞ հարցի կարգաւորումը պիտի ձգձգուի։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.