Շուշին մեզ համար կը մնայ սրբութիւն եւ սրբավայր. Հարցազրոյց Արցախի Հանրապետութեան արտգործ նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ

«Հայ Դատի գրասենեակների աշխատանքը, ՀՅԴ-ի քաղաքականութիւնն ու գործունէութիւնը Արցախի գծով շատ կարեւոր է։ Մենք բարձր ենք գնահատում այդ աշխատանքը»

Յունուար 25-ին, «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան հարցազրոյց ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան արտգործ նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ։ Հարցազրոյցի ընթացքին արծարծուեցան զինծառայող եւ քաղաքացի ռազմագերիներու իրավիճակի, Արցախի ջրային պաշարներու ռազմավարական կարեւորութեան, դիւանագիտական ճակատի վրայ Հայ Դատի յանձնախումբերու առաքելութեան եւ Արցախի հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան յառաջիկայ հիմնական ուղենիշներու հարցերը։

«Շուշին, անկախ իր ներկայ կարգավիճակից, եղել է, կայ, ու կը մնայ։ Շուշին մեզ համար կը մնայ սրբութիւն եւ սրբավայր։ Շուշին մեր ցաւն է, մեր յոյսն է։ Մենք երբեւիցէ չենք մոռանալու Շուշիի հայկական պատկանելիութեան մասին։ Շուշին մեր ինքնութեան եւ արժէհամակարգի մի մասն է»։

«Քարվաճառի շրջանը կարեւորագոյն դերակատարութիւն ունէր Հայաստանի եւ Արցախի ջրային անվտանգութեան ռազմավարութեան գծով, որովհետեւ Քարվաճառից են սկիզբ առնում Արցախի ջրային պաշարների 85 տոկոսը։ Հայաստանի հանրապետութեան երկու կարեւորագոյն գետերից՝ Արփան եւ Որոտանը, որոնք սնում են Սեւանայ լիճը, իսկ Սեւանը Հայաստանի ըմպելի ջրի 80 տոկոսն է, նոյնպէս հոսում են Քարվաճառից»։

«Հայ Դատի գրասենեակների աշխատանքը, ՀՅԴ-ի քաղաքականութիւնն ու գործունէութիւնը Արցախի գծով շատ կարեւոր է եւ այդ նեցուկը մենք զգում ենք մինչեւ այսօր։ Անցնող բոլոր տարիներին զգում էինք եւ այսօր եւս զգում ենք այդ աջակցութիւնը։ Մենք բարձր ենք գնահատում այդ աշխատանքը»։

«Այս սերունդը պարտաւոր է պահպանել այս բեկորը Արցախի։ Սա մի բեկոր է, որ նորոց պէտք է ծիլ տայ, որպէսզի մենք վերակենդանանանք։ Արցախը որպէս աշխարհաքաղաքական գործօն պէտք է շարունակի գոյատեւել»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.