Նիկոլ Փաշինեանը Նշանակուած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով Նիկոլ Փաշինեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ: Հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:

«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 1-ին մասը` Նիկոլ Փաշինեանին նշանակել վարչապետ», ըսուած է հրամանագիրին մէջ:

Վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Ազգային ժողովի իշխող մեծամասնութիւն ունեցող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը:

Աւելի ուշ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին կը տեղեկացնէ Քրեմլինի լրատուական ծառայութիւնը:

Շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:

Այլ Նշանակումներ`

Սուրէն ՊապիկեանՓոխվարչապետԱրշակ ԿարապետեանՊաշտպանութեան ՆախարարԼիլիթ ՄակունցՄիացեալ Նահանգներու Մէջ Հայաստանի Դեսպան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է Սուրէն Պապիկեանը Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, Արշակ Կարապետեանը պաշտպանութեան նախարար, իսկ Լիլիթ Մակունցը Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին: Հրամանագիրները հրապարակուած են Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ:

Ալեն Սիմոնեանը Ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահ

Ութերորդ գումարման Ազգային ժողովը երկրորդ անգամ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած Ալեն Սիմոնեանը:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի` քուէարկութեան արդիւնքները ներկայացուց հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը: Քուէարկութեան մասնակցած էր 71 պատգամաւոր: Ալեն Սիմոնեանը ստացած է 71 ձայն:

Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները չեն մասնակցած քուէարկութեան:

«Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Մխիթար Զաքարեան եւ «Պատիւ ունեմ»-ի թեկնածու Արթուր Սարգսեան քուէներ չեն ստացած:

Նիստը նախագահող Կնեազ Հասանովը յայտարարեց, որ այսպիսով Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է Ալեն Սիմոնեանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.