Նախիջեւանի սահմանին գտնուող առաջնագիծի դիրքերը հայկական բանակի վերահսկողութեան տակ են – Տեսանիւթ

Ատրպէյճանի կողմէ առաջ բերուած դիրքը 4 կողմէն կը վերահսկենք, հարկ եղած պարագային կրնանք կրակի տակ պահել զայն, Նախիջեւանի սահմանին գտնուող առաջնագիծի վրայ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին վստահեցուց դիրքի հրամանատար Անդրանիկ Ծատուրեանը: Ըստ իրեն` Ատրպէյճանը իր առաջխաղացումով բարենպաստ պայմաններ չստեղծեր իրեն համար: Ատրպէյճանական մամուլին մէջ պարբերաբար կը շրջանառուի Նախիջեւանի մէջ տարածք «ազատագրելու» լուրը:
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այցելութիւն կազմակերպած էր Նախիջեւանի սահմանին գտնուող առաջնագիծ։ Այցելութեան միջոցին լրագրողները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու կրակակէտերը տեսնելու հնարաւորութիւն ունեցան:
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով
 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.