Յեղաշրջման Փորձ կատարած Թուրք Զինուորականին Տունէն Բագրատունիներու Մասին Գիրք Մը Յայտնաբերուած է

Թուրքիոյ մէջ 2016-ի Յուլիս 15ի յեղաշրջման փորձի կազմակերպման մէջ մեղադրուող գլխաւոր կասկածեալներէն զօրավար էրհան Ճահայի տունէն յայտնաբերուած է «Օսմանեան կասրութենէն մինչեւ հանրապետութիւն ծպտեալ հրէաներն ու բագրատունիները» գիրքը:

Ըստ «Նիուզ»-ի՝ թրքական Anadolu գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ 2016–ի Յուլիս 15–ի յեղաշրջման փորձի գործի ծիրէն ներս ցամաքային ուժերու հրամանատարուեան մէջ տեղի ունեցած դէպքերու գործով 150 զինուորականներու դէմ պատրաստուած մեղադրական զեկոյցը ներկայացուած է դատարան:

Մեղադրական զեկոյցին մէջ գլխաւոր կասկածեալ զօրավար Էրհան Ճահայի տունէն յայտնաբերուած է Ահմեդ Աքգիւնի հրատարակած «Օսմանեան կասրութենէն մինչեւ հանրապետութիւն ծպտեալ հրէաներն ու Բագրատունիները» գիրքը: Այս գիրքը յայտնաբերուելու փաստը եւս ներառուած է մեղադրական զեկոյցին մէջ:

Նշենք, որ Բագրատունիներու մասին իր յայտնի նզովքին մէջ խօսած էր Ֆեթուլլահ Կիւլենը: Ատկէ ետք ամբողջ Թուրքիոյ մէջ համացանցով կը փնտռէին, թէ որոնք են Բագրատունիները:

Ըստ որոշ թուրք հետազօտողներու, Բագրատունիները Թուրքիոյ մէջ գաղտնի խմբաւորում են, որուն անդամները կը ճանչնան զիրար ու կ՛ապրին յատուկ կանոններով: Այսինքն, Թուրքիոյ Բագրատունիները երեւոյթով իսլամ են, սակայն ծպտեալ հայ են: Իսկ որոշ թուրք լրագրողներ կը շեշտեն` Թուրքիոյ մէջ Բագրատունիները ազդեցիկ պաշտօններ կը զբաղեցնեն ու կարեւոր դերակատարներ են Թուրքիոյ կեանքին մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.