Մոնթրէալի մէջ Մեկնարկեց ՀՕՄ-ի Համահայկական Պատգամաւորական 72-րդ ժողովը

Հոկտեմբեր 7-ի առաւօտեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) 72-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցին ՀՕՄ-ի կառոյցի 26 երկիրներէ ընտրուած պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ հիւրեր, դիտորդներ:

Յաջորդող օրերու ընթացքին, ժողովը պիտի անդրադառնայ օրակարգով ճշդուած կազմակերպական, վարչական, ներքին եւ հանրային յարաբերութեանց, Հ.Օ.Մ.ի միաւորներու եւ քարոզչութեան մարզերու, Հ.Օ.Մ.ի համահայկական բնոյթով ծրագիրներէն՝ որբերու խնամակալութեան, պատանիներու փոխանակումի,ՄԱԿի աշխատանիստերու, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու, Ջաւախքի հայութեան իրավիճակի, ինչպէս նաեւ շրջաններէն, մեկուսի մասնաճիւղերէն ու պատգամաւոր ընկերուհիներէն ներկայացուած առաջարկներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.