Մինչ Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Շարժումը Թափ Կը Ստանայ` Ընդդիմադիր Գործիչներու Քաղաքական Հետապնդումը Կը Շարունակուի

18 նոյեմբերին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժման հանրահաւաքը` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով:

Հանրահաւաքի հազարաւոր մասնակիցներուն կարգին էին Երեւանի մէջ ապաստան գտած արցախցիները, պատերազմին հարազատներ ու ընկերներ կորսնցուցած քաղաքացիներն ու Արցախի ճակատագիրով մտահոգուածները:

Հանրահաւաքի մասնակիցները նշեցին, որ ի հեճուկս վարչապետի խոստումին, թէ որեւէ բան գաղտնի չէ բանակցուած, եւ ժողովուրդը պիտի  որոշէ Արցախի հարցով ամէն բան, Նիկոլ Փաշինեան գաղտնի որոշում տուած է եւ Արցախը յանձնելու փաստաթուղթ ստորագրած:

Ազատութեան հրապարակին վրայ վարչապետի հրաժարականի պահանջով հանրահաւաքին խօսք առաւ «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական եւ հասարակական-քաղաքական հաղորդումներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան, որ ըսաւ, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ, որովհետեւ անոր անլուրջ ղեկավարումով մենք չենք կրնար մեր երկրին մէջ վիճակ փոխել, մեր երկիրը մէջքը չի կրնար ուղղել:

«Հայաստանի զինուած ուժերու սպայակոյտի ընդհանուր հրամանատարը պատերազմի մեկնարկէն 4 օր ետք` 2 հոկտեմբերին, Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան տեղեկացուցած է, որ վիճակը լուրջ է, եղած նիւթական  եւ մարդկային ներուժը սահմանափակ է: Հայաստանի վարչապետը 8 հոկտեմբերին կը հրապարակէ տեսանիւթ, ուր իր գրասենեակին մէջ նստած, հեռաձայնով կը կապուի առաջնակէտեր եւ հերթապահ սպաներու եւ զինուորներու հետ կատակներ կ՛ընէ: Ռազմական գաղտնիքներ կը հարցնէ, սպաներն ու զինուորները չեն պատասխաներ, ան ալ երեխայի պէս կ՛ուրախանայ` վայ ինչ լաւ է, ռազմական գաղտնիք չէք բացայայտեր: Այս է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի լրջութիւնը այդ լրջագոյն պահուն: Այսպիսի անլուրջ պահեր եղան բոլոր օրերուն», նշեց Գեղամ Մանուկեան:

Դիմելով Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուած քաղաքացիներուն, ան կոչ ուղղեց առիթ չտալ, որ իշխանութիւններու սադրանքները յաջողին:

«Որքան ալ Նիկոլ Փաշինեանը ինքզինք «սքոչով» կապէ վարչապետական աթոռին, որքան ալ ան այդ աթոռին համար դիմէ սադրանքներու, մենք պէտք է զգօն ըլլանք: Մենք սադրանքի ենթարկուողը չենք, մեր պահանջը ամուր է, ուժեղ է, մենք պիտի հասնինք մեր պահանջի իրականացման, քանի որ մեր պահանջը` ի տարբերութիւն Նիկոլ Փաշինեանի, աթոռի համար չէ: Մեր պահանջը յանուն Հայաստանի, յանուն Արցախի է», յայտարարեց Գեղամ Մանուկեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան, որ ընդգծեց, թէ հիմա իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ պատերազմը վերջացաւ, խաղաղութիւն է, երկիր զարգացնենք, բայց արդեօք Հայաստանի եւ շրջանին մէջ իսկապէս խաղաղութի՞ւն է:

«Թրքական զօրքը Ազրպէյճան է, զբօսաշրջութեա՞ն եկած են: Պարսկական զօրքը սահմանին վրայ է, գործ բան չունին, անոր համա՞ր եկած են: Ռուսական զօրքը Հայաստան ու Արցախ է, պարզ չէ՞, որ այստեղ կաթսայ մը կ՛եռայ, յստակ չէ՞, որ շրջանը վաղը կրնայ պայթիլ, որ Հայաստանը կրնայ դառնալ մեծ պետութիւններու պատերազմի թատերաբեմ, որ կրնայ Հայաստանը ոտնատակ ըլլալ: Այս պայմաններուն մէջ մենք այս վարչապետի՞ն արժանի էինք: Այն վարչապետին, որ 2,5 տարուան ընթացքին ոչ մէկ բան ըրաւ:

«Կարդացէ՛ք իր ծրագիրը, երջանկութիւն կը խոստանար, դուք հիմա այստեղ երջանի՞կ էք: Քաղաքին մէջ քայլես` ամէն տեղ սեւ ժապաւէններ են: Կ՛ըսէ կը կառուցենք, կը շէնացնենք, ի՞նչ կառուցած է», հարց տուաւ Արթուր Խաչատրեան:

Արթուր Խաչատրեան անդրադարձաւ նաեւ երէկ Փաշինեանի հրապարակած ճամբու քարտէսին. «Գրած է` բանակցային գործընթացի վերականգնում: Բանակցէիր, ո՞վ քեզ կը խանգարէր»:

Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ Իկոր Սարգսեան ըսաւ. «Ինծի այստեղ հարթակ բերած է աստղաբոյլը իմ մարտական ընկերներուս, որոնք զոհուեցան առաջին պատերազմի ժամանակ, ինծի այստեղ հարթակ բերած է աստղաբոյլը իմ մարտական ընկերներուս, որոնք այսօր կանգնած են դիրքերուն վրայ եւ չեն ուզեր իջնել, չունին կորսնցնելիք հայրենիք: Եւ այսօր  մէկը, որ առաքելութիւն ունէր յանձնելու, տարաւ մեր բոլորին արիւնը»:

Իկոր Սարգսեան նշեց, որ 30 տարի իրենք աչքը բաց քնացած են` անընդհատ սահմանին նայելով, զինուորին կողքին ըլլալով, դաստիարակելով ուսանողը, որ պէտք է պաշտպանէ սահմանը, իսկ Փաշինեան 30 օրուան մէջ արդէն յանձնեց հայրենիքը:

Յայտնենք, որ երէկ երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ այլ ցոյց մը ի զօրակցութիւն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի:

Իշխան Սաղաթէլեան, Արծուիկ Մինասեան Եւ Գեղամ Մանուկեան
Կը Հրաւիրուին Յատուկ Քննչական Ծառայութիւն

Օրեր առաջ բերման ենթարկեցին եւ ձերբակալեցին քրէական օրէնսգիրքի 225.1 (զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելը) յօդուածի յատկանիշներով, հիմա իբրեւ կասկածեալ հրաւիրած են Յատուկ քննչական ծառայութիւն, ամենայն հաւանականութեամբ մեղադրանք ներկայացնելու. Յատուկ քննչական ծառայութեան դիմաց լրագրողներուն նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:

Յատուկ քննչական ծառայութիւն հրաւիրուած են նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը եւ «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական եւ հասարակական-քաղաքական հաղորդումներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեանը:

Արա Այվազեան Նշանակուեցաւ
Արտաքին Գործոց Նախարար

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Արա Այվազեան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար:

Այս տարուան 14 հոկտեմբերին Արա Այվազեան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց փոխնախարար: Ան արտաքին գործոց նախարարութեան համակարգին մէջ կ՛աշխատի 1994 թուականէն:

2016-2020-ին եղած է Հայաստանի դեսպանը Մեքսիքոյի մէջ, 2011-2016-ին` Լիթուանիոյ:

Ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան:

Հայաստանի Եւ Արցախի Կառավարութիւններու
Միացեալ  Աշխատանքային Խումբ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւններու միացեալ աշխատանքային խումբ ստեղծուած է  Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական աղէտին հակազդելու նպատակով: Այս մասին Հայաստանի վարչապետին որոշումը հրապարակուած է կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Հաւաքած
Գումարին Մէկ Մասը Պիտի Յատկացուի Կառավարութեան

 «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Մենք ենք մեր սահմանները» դրամահաւաքի ծիրին մէջ հանգանակուած գումարին մէկ մասը նուիրաբերուած է Հայաստանի կառավարութեան: Ազգային ժողովին մէջ այս մասին յայտնեց փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան` պատասխանելով «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամ Արթուր Մանուկեանի հարցումին:

Մարտակերտի Շրջանի 7 Բնակավայրեր Եւս
Պիտի Դրուին Ազրպէյճանի Վերահսկողութեան Տակ

Մարտակերտի շրջանի Նոր Մարաղա, Նոր Այգեստան, Նոր Սէյսուլան, Նոր Կարմիրաւան, Նոր Հայկաջուր, Հովտաշէն եւ Նոր Ջրաբերդ բնակավայրերը եւս պիտի դրուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ` ի կատարումն Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ ձեռք բերուած` ղարաբաղեան պատերազմը դադրեցնելու մասին եռակողմանի համաձայնութեան դրոյթներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.