Մայրենի լեզուի օր

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Այսօր մայրենի լեզուի օր է:
Այսինքն՝ հին ցաւեր վերապրելու, հին խօսքեր կրկնելու օր է:
Երեւանի տարբեր հաստատութիւններու լեզուաբանները այս առթիւ Հր.Աճառեան լեզուի հիմնարկ հրաւիրուած էին խորհրդակցական հանդիպումի մը:
Ես ալ ներկայ եղայ:
Ու ստիպուեցայ կրկնել բազմաթիւ պաշտօնական թէ կիսապաշտօնական հանդիպումներու, գիտաժողովներու, կլոր սեղաններու ատեն, եթերով, գիրքերով ու յօդուածներով այնքան կրկնած խօսքերս.

1. Հայաստանի նախակրթարաններու ընթերցարանները պէտք է անյապաղ տեղ տան արեւմտահայերէնին, աւանդական ուղղագրութեամբ, տարր առ տարր, որպէսզի հայաստանաբնակ մեր սերունդները ընտելանան այդ լեզուին եւ ուղղագրութեան, արեւմտահայերէ՛ն կարդալ սորվին: 9-10 դասարաններուն արդէն շատ ուշացած կ՛ըլլանք: Փոքրիկները տարին մէկ-երկու անգամ գրաբար հատուած մը կը կարդան, բնագիրն ու թարգմանութիւնը, կ՛ոգեւորուին մեր լեզուի հնութեամբ:Արեւմտահաայերէնն ալ աւանդական ուղղագրութեամբ պէտք է կարդալ սորվին, իբրեւ մեր ժողովուրդի մէկ հատուածին գրական կենդանի լեզուն եւ իբրեւ համազգային արժէք: Թարգմանելու կարիք չկայ, ան կրնայ աւելի հասկնալի ըլլայ քան բարբառախառն արեւելահայերէն մը: Մենք իրաւունք չունինք այդ արժէքէն զրկելու մեր սերունդները:

2.- Լեզուի մաքրութեան հարցը հայերէնի զարգացման այսօրուան պայմաններուն մէջ նախ եւ առաջ քաղաքական հարց է: Արեւելահայերէնի մէջ կը վխտան թրքերէն բառերը (կը բաւէ որ մէկ անգամ հետեւինք ազգային խոհանոց ըսուած հեռատեսիլի յայտագիրներուն): Օտարաբանութեան հսկայական, լեռնակուտակ բեռ ունի այսօր արեւելահայերէնը, աւելի քան խորհրդային շրջանին: Կարդացէ՛ք օրաթերթերը, հետեւեցէ՛ք հեռատեսիլի լրատուական, բժշկական, ճարտարագիտական եւ բազում բնագաւառներու յայտագիրներուն: Րաֆֆին, Աղայեանը,Դեմիրճեանը. Շիրվանզադէն իրենց բնագրէն կարդացող սփիւռքահայը այսօր չի կրնար հայաստանեան թերթ մը կարդալ: Օտարաբանութիւնը մեր երկու հատուածներուն միջեւ տարածութիւնը կը մեծցնէ:

3. Մեր հայրենի լեզուաբաններէն շատերուն համար լեզուաբանութիւնը գիտութիւն է, լեզուն ուսումնասիրութեան առարկայ: Ըսել կ՛ուզէի հապա ո՞վ պիտի մաքրէ տաճարը կուտակուած աղբէն, ո՞վ հայերէնը պիտի մաքրէ փողոցին մէջ, շուկային մէջ, մամուլին մէջ, եթերին մէջ, քաղաքական գործիչներու եւ ազգային ժողովի մեր պատգամաւորներու լեզուին մէջ: Եթէ մենք այս տաճարի քուրմերը չենք, հապա ինչպիսի՞ն պիտի ըլլան մեր աշակերտները:

4.- Լեզուի հիմնակի տնօրէն պր. Վ. Կատվալեանը յայտնեց, որ վերստին պէտք է գոյանայ ՀՀ լեզուի կոմիտէն: Խնդրեցի, որ հոն ա՛նպայման արեւմտահայերէնի մասնագէտ մը ըլլայ. որպէսզի, չես գիտեր, յանուն խօսակցական եւ գրական լեզուի մերձեցման, կ՛առաջարկուի դասագիրքերուն մէջ տեղ տալ «գրում ա, խօսում ա» ձեւին: Հիմա այդպէս կը խօսին վարչապետէն սկսեալ մինչեւ Հ1-ի խօսնակը: Պատկերացուցէ՛ք, «գրում է, խօսում է» ձեւի փոխարէն ատիկա ո՛րքան կը հեռացնէ արեւելահայերէնը արեւմտհայերէնէ: Մեր ճիտին պարտքն է մերձեցման եզրեր գտնել եւ ոչ թէ խորացնել անդունդը:

Շնորհաւոր մայրենի լեզուի օր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.