ՄԱԿ-ը 2 Միլիոն Եւրոյի Աջակցութիւն Տրամադրեց Արցախի Պատերազմէն Տուժածներուն

ՄԱԿ-ը 2 միլիոն տոլարի չափով ֆինանսական օգնութիւն տրամադրեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր մերձակայքը վերջերս տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով Հայաստան ապաստանած մարդոց կենսական նշանակութիւն ունեցող մարդասիրական աջակցութիւն հասցնելու համար:

ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, այս միջոցները պիտի տրամադրուին տեղահանուած արցախցիներուն եւ զանոնք ընդունող համայնքներու առաջնային կարիքներու բարելաւման: Պատերազմին եւ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան իբրեւ հետեւանք աւելի քան 90 հազար անձեր, հիմնականին մէջ կիներ եւ երեխաներ փոխադրուած են Հայաստան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.