Հ.Յ.Դ. 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի օրակարգը

Բազմաթիւ լրատուամիջոցներէ հարցեր ստացուած են Արցախի մէջ գումարուող Հ.Յ.Դ. 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի ընթացքի և երկար տևելու վերաբերեալ։ Այդ հարցերուն պատասխանելու համար ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իր բարձրագոյն ժողովին, կը քննարկէ մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն, Սփիւռքին վերաբերող բազում հարցեր եւ կ՚ընդունի որոշումներ, որոնց աւարտին է միայն, որ կընտրուի Հ.Յ.Դ. Բիւրօ։ Ժողովի ընթացքի մասին պատկերացում կազմելու համար, Հանրային կապերու գրասենեակը հրապարկած է Ընդհանուր Ժողովի օրակարգը։

ՕՐԱԿԱՐԳ`

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 33-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ
(16-24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019 թ., ԱՐՑԱԽ)

Ա.- ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Ա.1.- Բացում ՀՅԴ 33-րդ. Ընդհանուր Ժողովի
Ա.2.- Առժամեայ դիւանի ընտրութիւն
Ա.3.- ՀՅԴ Բիւրոյի զեկոյց` 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի կազմի մասին
Ա.4.- Լիազօրագրերու ստուգում եւ Ժողովի կազմի հաստատում
Ա.5.- Մնայուն դիւանի ընտրութիւն
Ա.6.- Օրակարգի հաստատում
Ա.7.- Յանձնախումբերու ընտրութիւն
– Բանաձեւի
– Հաշուեքննիչ եւ պիւտճէ
– Արխիւային
– Դատական
– Քուէախոյզ

Բ.- ԲԻՒՐՈՅԻ ՔԱՌԱՄԵԱՅ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Բ.1.- Բիւրոյի քառամեայ գործունէութեան տեղեկագրի եւ հաշուեկշիռի ընթերցում եւ լուսաբանական հարցումներ
Բ.2.- Բիւրոյի քառամեայ գործունէութեան քննարկում
Բ.3.- Հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբերու զեկոյցներու ներկայացում
Բ.4.- Բիւրոյի քառամեայ գործունէութեան մասին բանաձեւ

Գ.- Հ.Յ.Դ. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒՂԵԳԻԾ ԵՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գ.1.- ՀՅԴ ռազմավարական առաջադրանքներ եւ սկզբունքներ

Գ.2.- ՀՅԴ քաղաքական գործունէութիւնը եւ դիրքորոշումները արտաքին ճակատի վրայ.

ա.- Միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքական կացութեան քննարկում.
բ.- Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման հարցերու հետապնդում, Թուրքիա
գ.- ՀՀ-ի արտաքին քաղաքականութեան աջակցութիւն եւ շահերու հետապնդում (Թուրքիա, Ռուսաստան, ԱՊՀ, ՀԱՊԿ, Եւրոպա, ԱՄՆ, Իրան, այլ պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ)
դ.- ԼՂՀ-ի արտաքին կապերու աջակցութիւն եւ միջազգային ճանաչման հետապնդում (Ադրբեջան եւ առնչակից այլ պետութիւններ)
ե.- Վրաստան
զ.- Նախիջեւան
է.- Միջին Արեւելք. հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցեր
ը.- Քրտական եւ այլ շարժումներ
թ.- Ընկերվար Միջազգայնական և ընկերվարական այլ կառոյցներ, շարժումներ
ժ.- Հայ Դատի գրասենեակներ եւ գործնական աշխատանքներ

Գ.3.- ՀՅԴ քաղաքական ուղղութիւնը եւ դերակատարութիւնը ներազգային ճակատի վրայ

ա.- Ներազգային կացութեան գնահատում եւ քննարկում.
բ.- Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ (քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական)
գ.- Արցախի Հանրապետութեան մէջ (ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական)
դ.- Ջաւախք
ե – Թուրքիոյ եւ Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող հայութիւն.
զ.- Սփիւռքի մէջ՝ դասական եւ նոր (ազգային, քաղաքական եւ հասարակական)
է.- Ուղեկից Կազմակերպութիւններ
ը.- Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի եւ յարանուանութիւններ
թ.- Հայկական այլ կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ

Դ.- ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ

Դ.1.- Կազմակերպական ընդհանուր վիճակ, հարցեր եւ ընելիքներ.
Դ.2. Շրջաններու քառամեայ գործունէութեան ներկայացում, քննարկում եւ բանաձեւ
Դ.3.- Հ.Յ.Դ. Ուսանողական, Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութիւններ.
Դ.4.- Կառուցային եւ կանոնագրային հարցեր.

Ե.- ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ԵՒ ԱՅԼ

Ե.1.- Ընդհանուր արժեւորում եւ քարոզչական քաղաքականութիւն

ա.- ՀՅԴ Մամուլ, հեռուստատեսութիւն, համացանցային եւ քարոզչութեան այլ միջոցներ
բ.- ՀՅԴ Արխիւ, Գրադարան, Թանգարան, Հրատարակութիւններ, «Հ.Մարուխեան» հիմնադրամ

Զ.- ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Զ.1.- Տնտեսական վիճակի ընդհանուր գնահատում եւ լուծումներ
Զ.2.- Բիւրոյի քառամեայ պիւտճէ

Է.- ԴԱՏԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Ը.- ԱՅԼ ՀԱՐՑԵՐ

Թ.- ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ

Ժ.- ՓԱԿՈՒՄ Հ.Յ.Դ. 33-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակ
22.01.2019 թ.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.