ՀՅԴ մամլոյ եւ հանրային կապերու խորհրդաժողովի յայտարարութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը Մարտ 12ին փոխանցեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«10էն 12 Մարտ 2018, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ մամլոյ եւ տեղեկատուական այլ միջոցներու եւ հանրային կապերու պատասխանատուներու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին 12 երկիրներէ շուրջ 40 խմբագիրներ եւ հանրային կապի պատասխանատուներ:

Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ ՀՅԴ աշխարհատարած լրատուամիջոցներու գործունէութեան, արձանագրեց յաջողութիւններն ու գոյութիւն ունեցող հիմնահարցերը, քննարկեց հայաստանեան եւ համահայկական հարցերու լուսաբանման պարագան, արդի աշխարհի մէջ տեղեկատուական դաշտի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ՀՅԴ հանրային կապերու ռազմավարութեան սկզբունքները եւ իրականացման կառուցակազմերը:

Առանձին քննարկման նիւթ դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի ձեռնարկներու հարցը՝ կուսակցական լրատուամիջոցներու ընելիքներու դիտանկիւնէն:

Խորհրդաժողովը կարեւոր համարեց գործակցութիւնը հայ մամուլի միւս միջոցներուն հետ՝ Հայաստանի, Արցախի, ազգային այլ հարցերու հետապնդումը համադրուած ջանքերով իրականացնելու գործին մէջ:

Մերժելով հակապետական, ա-պազգային, արտաքին եւ ներքին ապակառուցողական հակաքարոզչութիւնը, խորհրդաժողովը միաժամանակ կարեւոր համարեց մամուլի բազմակարծութիւնը, այլակարծութեան իրաւունքը եւ դատապարտելի համարեց ազատ խօսքի նկատմամբ դրսեւորուող որեւէ կաշկանդում»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.