ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կեանքի կը կոչէ «Արցախի օժանդակութեան յանձնախումբ»

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն, մշտապէս պատրաստակամ ըլլալով իր բոլոր կարելիութիւններով արձագանգելու ազատ և անկախ Արցախի հզօրացման ջանքերուն, կը շարունակէ ունենալ իր ներդրումը Արցախի պետականութեան ամրապնդման առաքելութեան մէջ։

Կեդրոնական Կոմիտէն՝ խիստ կարևորելով Արցախի Հանրապետութեան ինքնաբաւութեան հասնիլը, ընկերային, տնտեսական զարգացման համար բարենպաստ միջավայրի ձևաւորումը, բնական աճի խթանումը, սահմանամերձ շրջաններու ամրապնդման ու վերաբնակեցման հիմնախնդիրները, ի օժանդակութիւն վերոգրեալներու՝ կեանքի կը կոչէ «Արցախի օժանդակութեան յանձնախումբ»։

Յանձնախումբը արդէն իսկ մեկնարկած է իր աշխատանքները և յանձնառու է, յանուն Արցախի բարգաւաճման, օգտագործելու իր ամբողջ ներուժը՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ իրականացնելու ընկերային-տնտեսական աջակցութեան և զարգացման տարբեր ծրագիրներ։

Միասին՝ յանուն Արցախի։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.