ՀՅԴ Բիւրոյի ուղերձը Անկախութեան օրուայ առթիւ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ․

Մեր նորանկախ պետականութեան 30-րդ տարեդարձը ստիպուած ենք դիմաւորելու ծանր պայմաններու մէջ։ Վերջին պատերազմին վէրքերը խորունկ են, կորուստները՝ ցաւալիօրէն շատ։ Վտանգուած է աշխարհի քաղաքական քարտէսի վրայ մեր ինքնիշխան գոյութեան իրաւունքը։ Առկայ մարտահրավերները եւ արտաքին սպառնալիքները դիմագրաւելու անհրաժեշտ նախապայմանը ներքին ամրութիւնն է։ Առաջին հերթին խաթարուած ամրութիւնը վերականգնելու հարց ունինք։

Ցավօք, խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները չնպաստեցին այդ հարցին լուծման։ Ճգնաժամը ոչ միայն չէ յաղթահարուած, այլեւ կը հակի առաւել խորացման: Խարդաւանքներու, վարչա-իշխանական լծակներու օգտագործմամբ ձեռք բերուած քուէները իշխանութիւնը ընկալած է որպէս իր ձախողութիւններուն, ապաշնորհ կառավարման եւ կործանարար քաղաքականութեան մեղքերու թողութիւն: Շարունակ խօսելով ժողովուրդին անունով եւ պահուըտելով անոր ետեւ, իշխող վարչախումբը այդ նոյն ժողովուրդը տարած է ու կը շարունակէ տանիլ պարտութեան ու հայրենազրկման։ Ճառելով ժողովրդավարութենէ, մարդու իրաւունքներէ, ազատութիւններէ ու քաղաքական հանդուրժողականութենէ, իշխանութիւնները կը դրսեւորեն բռնապետական բացայայտ հակումներ, կ‘ոտնակոխեն օրէնքն ու քաղաքացիին իրաւունքները, զբաղած են թշնամանք սերմանելով ու ատելութիւն քարոզելով։

Սթափելու, անցած ճանապարհը արժեւորելու, վերագնահատումներ կատարելու, յստակ ազգային օրակարգ եւ ծրագիր որդեգրելու ու հետեւողականօրէն գործադրելու հրամայականի առջեւ ենք։

Շնորհաւորելով մեր ժողովուրդը՝ անկախութեան տօնին առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, իբրեւ համահայկական կազմակերպութիւն, կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը` շարունակելու պայքարը թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ, ի շահ ազգային, ուժեղ պետականութեան եւ Արցախի ինքնորոշման ու ազատութեան։ Խորապէս համոզուած ենք, որ անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է, ինչպէս նաեւ՝ ազգի բնականոն զարգացման նախապայման։ Իշխանութիւնները անցողիկ, գնայուն են, պետականութեան տէրը բոլորս ենք ու բոլորս անելիք ունինք։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհասփիւռ հայութեան հայրենիքն է, առ այդ՝ հայոց անկախ պետականութեան հզօրացումն ու ամրապնդումը համայն հայութեան գերխնդիրն է: Արեամբ, զոհողութիւններով ու քրտինքով կերտուած մեր անկախ պետականութիւնը այսօր աւելի քան երբեք մեր բոլորին հոգածութեան ու նուիրումին կարիքն ունի։ Մեզի պարտադրուող փորձութիւնները կրնանք եւ պէ՛տք է յաղթահարենք։

ՀՅԴ Բիւրօ
21 Սեպտեմբեր 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.